Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Զարուհի Փոստանճեան․ «Կառավարութիւնն ու Քաղաքապետարանը Իւրացուցած են 50 Միլիոն Տոլար»

Զարուհի Փոստանճեան․ «Կառավարութիւնն ու Քաղաքապետարանը Իւրացուցած են 50 Միլիոն Տոլար»

by MassisPost

Երեւանի աւագանիի «Երկիր Ծիրանի» խմբակցութեան ղեկավար Զարուհի Փոստանճեան Ուրբաթ օր վարչական դատարան երկու հայց ներկայացուցած է, բողոքարկելով Կառավարութեան ու մայրաքաղաքի աւագանիի որոշումները հայաստանեան խոշորագոյն հարկատուներէն մէկուն՝ «Սփայքա» ընկերութեան Երեւանի մէջ հսկայական հողատարածք նուիրելուն վերաբերեալ:

«Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ընդդիմադիր գործիչը իշխանութիւններու քայլը բնորոշած է որպէս քրէօրէն հետապնդելի արարք, պնդելով, որ երկրի ղեկավարներուն հետ սերտ կապեր ունեցող ընկերութեան շուկայական արժէքով մօտ 50 միլիոն տոլար արժողութեամբ նուէր տալը հանրութենէն ծածուկ նախապատրաստուած է:

Ըստ Փոստանճեանի, այս Յունիսի 16-ին Երեւանի աւագանին արտահերթ նիստ հրաւիրած է, որուն ժամանակ քաղաքին պատկանող 83 միաւոր հողակտորներ մտցուած են օտարման ենթակայ ցանկին մէջ: Ընդ որում, նոյն օրն ալ «Սփայքա» ընկերութիւնը ներդրումային ծրագիր ներկայացուցած է այդ հողակտորներէն երկուքին հետ կապուած․ – «Մենք տեղեակ չէինք: Դրանից առաջ արտահերթ անցկացրել էին գլխադասային յանձնաժողովի նիստեր, եւ պատշաճ կարգով մենք ծանուցում չենք ստացել․․․ Այսինքն, ցանկացել են խոչընդոտել քաղաքացիների իրազեկուած լինելու իրաւունքը: Հետեւաբար, առանց այդ գլխադասային յանձնաժողովների ծանուցման իրենք անցկացրել են այդ նիստերը, յետագայում մենք եկել, արդէն աւագանու նիստին ենք մասնակցել եւ այնտեղ տեսել ենք մի քանի էջանոց փաստաթուղթ, որը ծածկագրերով է եւ չի պարունակում համապատասխան տեղեկատուութիւն: Այդ փաստաթղթերում նշուած էր շատ քիչ տեղեկատուութիւն․ ուղղակի թուով 83 հողակտորների անուններն են միայն նշուած՝ որտեղ է գտնուում, որ հասցէում, ինչ չափորոշիչներ ունի»:

Զարուհի Փոստանճեան ցոյց տուած է աւագանի որոշումը, ուր նշուած է, թէ այն ուժի մէջ պիտի մտնէ հրապարակման օրուան յաջորդող տասներորդ օրը: Մինչդեռ, «Երկիր Ծիրանի» խմբակցութեան ղեկավարին խօսքով, որոշումը ուժի մէջ դեռ չմտած քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան բաւարարած է «Սփայքա»ի խնդրանքը, դիմած է Կառավարութեան, որպէսզի գործադիրը թոյլ տայ հողակտոր նուիրաբերել ընկերութեան:

«Կառավարութիւնը, չունենալով համապատասխան իրաւական ակդ, որի հիման վրայ նա կարող է որոշում կայացնել, այս ուժի մէջ չմտած ակդի հիման վրայ որոշում է կայացնում եւ որոշումով յղում է կատարում Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական օրէնսգրքի 605 յօդուածին, որի դրոյթները չեն տարածուում նման որոշման կայացման վրայ: Այդ դրոյթները վերաբերում են բացարձակ այլ գործառոյթների՝ մշակութային, կրօնական, բժշկական ինչ-որ նպատակով հողակտորների մասին է խօսքը, այլ ոչ թէ ձեռնարկատիրական գործունէութիւն ծաւալելու», – փաստարկած է Փոստանճեան:

Կառավարութեան այս Յունիսի 23-ի նիստին, աւագանիի որոշումէն ընդամէնը 7 օր անց, հաւանութեան արժանացած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի ներկայացուցած նախագիծը՝ «Սփայքա» եւ «Արմսանփրոտաքթ» ընկերութիւններուն հողակտորներ նուիրաբերելու մասին, եւ համապատասխան որոշմամբ ընդհանուր առմամբ 163.2 հեքթար տարածքով երկու հողակտոր նուիրաբերուած է, որոնց արժէքը կը կազմէր շուրջ 10 միլիոն տոլար: Ընդ որում, Կառավարութեան որոշմամբ հողակտորները կրնան օգտագործուիլ բացառապէս ջերմոցային համալիրի եւ բորբոսով պանիրի գործարանի կառուցման նպատակով:

«Կառավարութիւնը եւ քաղաքապետարանը թոյլ են տուել քրէօրէն հետապնդելի արարքներ, քանի որ, չունենալով օրինական ուժի մէջ մտած իրաւական ակդ, այդ ակտի հիման վրայ նրանք գործառոյթներ են իրականացրել թէ՛ որոշման կայացման միջոցով, թէ՛ յատուկ գործողութիւնների միջոցով: Եւ իւրացրել են երեւանցիներից շուրջ 50 միլիոն տոլարի, շուկայական գինն է այդ հողակտորի․․․ փաստացի իւրացում է տեղի ունեցել»:

Երեւանի քաղաքապետարանի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան պետ Արթուր Գէորգեան «Ազատութեան» ընդամէնը փոխանցած է․ – ««Զարուհի Փոստանճեանի իրաւունքն է, կարող է դիմել դատարան»:

«Ազատութիւն»ը կապ հաստատած  նաեւ «Սփայքա» ընկերութեան հետ, մեկնաբանութիւն ստանալու նպատակով, սակայն օրուայ ընթացքին որեւէ արձագանգ չէ ստացած:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment