Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մարիա Զախարովա. Ղարաբաղեան Խնդիրը Մեր Արտաքին Քաղաքական Գերակայութիւններէն է

Մարիա Զախարովա. Ղարաբաղեան Խնդիրը Մեր Արտաքին Քաղաքական Գերակայութիւններէն է

by MassisPost

ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները այժմ կ’աշխատին ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման հերթական գագաթնաժողովի կազմակերպման ուղղութեամբ: Այս մասին կը յայտարարէ ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա:

Անոր խօսքով, այդ նպատակով ընթացիկ տարուայ Յուլիսին համանախագահները Պրիւքսէլի մէջ հանդիպումներ ունեցած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:

«Խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին ՄԱԿ Գլխաւոր ասամբլեայի հերթական նստաշրջանի ծիրին մէջ, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերի երկրորդ կէսին Նիւ-Եորքի մէջ, որուն արդիւնքով համապատասխան յայտարարութիւն պիտի կատարուի»,- նշած է Զախարովա:

Անդրադառնալով ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ իրենց ուղղուած հարցերուն, ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը շեշտած է, որ Ռուսիա մշտապէս աջակցած է այն քայլերուն, որոնք ուղղուած են ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին վրայ լարուածութեան տկարացման:

«Այս ուղղութեամբ յստակ քայլերու անհրաժեշտութեան մասին բազմիցս յայտարարութիւն կատարած են նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները Վիենայի եւ Սանկտ Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովներու ժամանակ: Միջնորդներուն առաջարկած քայլերու իրագործումը կախուած է կողմերու բարի կամքէն: Մեր կողմէն մենք հնարաւոր բոլոր քայլերը կ’իրականացնենք, որպէսզի կայունացնենք իրավիճակը, ստեղծենք պայմաններ բանակցային գործընթացի շարունակութեան համար՝ ուղղուած հակամարտութեան կարգաւորման: Այսպիսի մօտեցումն է, որ կը կարեւորեն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարներն այս տարուայ Ապրիլին Մոսկուայի մէջ հանդիպման ժամանակ»,- ըսած է ան:

«Ռուսիոյ մէջ Ղարաբաղեան խնդիրին առանձնայատուկ ուշադրութիւն կը յատկացուի, այն մեր արտաքին քաղաքական գերակայութիւններէն մէկն է եւ կը գտնուի ՌԴ արտաքին քաղաքականութեան հայեցակարգին մէջ»,- ամփոփելով խօսքը, յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ ներկայացուցիչը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment