Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Նորք Մարաշի Զինուած Խումբի Ստեղծման Համար Արթուր Վարդանեան Մօտ 60,000 Տոլար Ստացած է

Նորք Մարաշի Զինուած Խումբի Ստեղծման Համար Արթուր Վարդանեան Մօտ 60,000 Տոլար Ստացած է

by MassisPost

Նորք Մարաշի զինուած խումբի ստեղծման համար Արթուր Վարդանեան մօտ 60,000 տոլար ստացած է: Այսօր զինուած խումբի գործով ընթացող դատական նիստի ընթացքին այս մասին յայտարարած է մեղադրող կողմը՝ ներկայացնելով խումբի ղեկավար համարուող Արթուր Վարդանեանի մեղադրական եզրակացութիւնը:

Մեղադրող կողմը յայտարարած է, որ Վարդանեան ձեռնամուխ եղած է զինուած խումբի ստեղծման այն բանէն ետք, երբ նոյն գործով անցնող Հայր Անտոն Տիգրան Թոթոնճեանի հետ խօսակցութիւններու ժամանակ «երկուստեք յանգած են համոզման, որ ստեղծուած հասարակական-տնտեսական խնդիրներու, Արցախի հարցին մէջ հնարաւոր զիջումներու դիմելու պայմաններուն մէջ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ է իշխանափոխութիւն իրականացնել»:

Հայր Անտոն դատական նիստերու ընդմիջման ժամանակ հրաժարած է պատասխանել «Ազատութեան» հարցերուն:

Յիշեցնենք, որ ըստ մեղադրանքի, «2015թ. Ապրիլէն Հայր Անտոն անձնապէս ծանօթացած է Սպանիայէն ժամանած Արթուր Վարդանեանին հետ, մասնակցած է վերջինիս կողմէ ստեղծուած ու ղեկավարուած յանցաւոր համագործակցութեան` ֆինանսաւորելով այն:

Արթուր Վարդանեանին մեղադրանք առաջադրուած է «ՀՀ քաղաքացիներէ կազմուած յանցաւոր համագործակցութիւն, կազմակերպուած խումբ ստեղծելու եւ ղեկավարելու» համար: Մեղադրանքին մէջ նշուած է, որ ան խումբի կազմին մէջ ապօրինի կերպով ձեռք բերած, պահած, փոխադրած ու կրած է մեծ քանակութեամբ զէնք, ռազմամթերք, պայթուցիկ նիւթեր, պայթուցիկ սարքեր, նպատակ ունենալով բռնութեամբ իւրացնել իշխանութիւնը՝ «ինչը աւարտին չի հասցուել նրա կամքից անկախ հանգամանքներում, քանի որ յանցաւոր համագործակցութեան մէջ ներգրաւուած անձինք բացայայտուել ու 2015թ. Նոյեմբերի 25-ին վնասազերծուել են Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմից»:

Այսօր, երբ կը ներկայացուէին գործով անցնող միւս մասնակիցներու մեղադրական եզրակացութիւնները, ուշագրաւ յայտարարութիւններ հնչած են, ուր կը շրջանառուէին նախկին նախագահներ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի եւ Ռոպերթ Քոչարեանի, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան այլ նախկին գործիչներու անունները: Ըստ այդմ, խումբի անդամները յանձնարարութիւն ստացած են Վարդանեանէն լուսանկարելու վերոնշեալ պաշտօնեաներու առանձնատուներն ու գրասենեակները: Բացի անկէ, լուսանկարուած են նաեւ նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի տունը, Մրգաշէն գիւղին մէջ գտնուող Սէյրան Օհանեանի հայրական տունը, նախագահի նստավայրը, Բարեկամութեան եւ Ֆրանսայի հրապարակները, Յաղթանակ եւ Քիեւեան կամուրջները, Սահմանադրական դատարանի շէնքը եւ յարակից տարածքները:

Ըստ մեղադրանքի, զինուած խումբի ղեկավար Արթուր Վարդանեան ծրագրած էր յարձակումներ գործել շարք մը պետական մարմիններու՝ Հայաստանի նախագահի նստավայրի, Ազգային ժողովի եւ Հանրային հեռուստաընկերութեան վրայ: Նախորդ դատական նիստի ժամանակ, երբ մեղադրանք կը ներկայացուէր գործով անցնող ամբաստանեալ Պաշտպանութեան նախարարի նախկին տեղակալ Վահան Շիրխանեանին, մեղադրական կողմը յայտարարած էր, որ Պաշտպանութեան նախարարի նախկին տեղակալը Արթուր Վարդանեանին առաջարկած է իշխանափոխութեան հասնիլ նախագահ Սերժ Սարգսեանի դէմ մահափորձ իրականացնելու միջոցով:

Շիրխանեանի փաստաբան Հայկ Ալումեան այսօր «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ իր պաշտպանեալը չ’ընդունիր մեղադրանքը, պնդելով, որ մեղադրանքը ամբողջութեամբ հիմնուած է անօրինական ճանապարհով ձեռք բերուած ձայնագրութեան վրայ:

Զինուած խումբի ղեկավար Արթուր Վարդանեանի փաստաբան Լեւոն Բարսեղեան «Ազատութեան» հետ զրոյցի ընթացքին նշած է, որ դատավարութեան ընթացքին իր պաշտպանեալները պիտի բացատրեն, թէ ինչ կապ ունին նախկին նախագահներու տուներու լուսանկարները այս գործին հետ: Բարսեղեանի խօսքով, իր պաշտպանեալը չ’ընդունիր ներկայացուած մեղադրանքները, զանոնք կը համարէ շինծու եւ հնարովի:

Անդրադառնալով իր պաշտպանեալի եւ Վահան Շիրխանեանի միջեւ տեղի ունեցած զրոյցին, որուն ընթացքին, ըստ մեղադրանքի, նախարարի նախկին տեղակալը Արթուր Վարդանեանին առաջարկած է իշխանափոխութեան հասնիլ նախագահ Սերժ Սարգսեանին դէմ մահափորձ իրականացնելու միջոցով, փաստաբանը յայտնած է, որ համաձայն է իր գործընկերոջ՝ Ալումեանի գնահատականին հետ, որ ապացոյցը ձեռք բերուած է անօրինական ճանապարհով ու աւելցուց, որ միջազգային իրաւակիրառ փորձին մէջ անգամ մտադրութեան բացայայտումը յանցագործութիւն չէ․ – «Աւելին՝ նախաքննութեան մարմինը ժամանակին, ի դէմս քննչական խմբի ղեկավարի, յայտարարեց, որ այո՛, եղել է նման մտադրութիւն, բայց ի կատար չի ածուել»:

Այսօրուայ դատական նիստը ընդհատուած է քանի մը անգամ՝ ամբաստանեալներէն երկուքի առողջական վատ վիճակին պատճառով: Փաստաբան Հայկ Ալումեան յայտնած է, որ իր պաշտպանեալ Վահան Շիրխանեան երկար նստիլ չի կրնար, անոր անհրաժեշտ է պառկիլ: Ոստիկանները Շիրխանեանն աթոռով գրկած դուրս տարած են դատարանի դահլիճէն: Մօտ 6 ժամ ընթացող դատական նիստն այսօր հերթական անգամ յետաձգուած է:

11 Օգոստոսին մեղադրական կողմը պիտի շարունակէ ներկայացնել գործով անցնող այլ մասնակիցներու մեղադրական եզրակացութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment