Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի ՊԲ-ն Դիմել է Պատասխան Գործողութիւններու Ատրպէյճանական Հրթիռակոծումեն Ետք

Ղարաբաղի ՊԲ-ն Դիմել է Պատասխան Գործողութիւններու Ատրպէյճանական Հրթիռակոծումեն Ետք

by MassisPost

Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը երէկ հաղորդած է, որ տարբեր հատուածներու մէջ, ատրպէյճանական զինուած ուժերը կէսօրուընէ սկսած են արկակոծել հայկական դիրքերը, իսկ արդէն երեկոյեան Ֆիզուլիի ուղղութեամբ գտնուող Ալխանլու գիւղին մէջ տեղակայուած ռազմակայանէն TR-107 տիպի համազարկային հրթիռային կայանքներէ  հրթիռակոծած են հայկական զօրամասերէն մէկու հրամանատարական կէտը։

Վայրկեաններ անց, Պաշտպանութեան բանակը պատասխան գործողութիւններու անցած է եւ հարուածած է Ալխանլու գիւղին մէջ գտնուող կրակակէտը։ Ղարաբաղի ռազմական գերատեսչութիւնը պնդած է, որ ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով հայկական կողմը կորուստներ չունի, իսկ Ատրպէյճանական կողմը ունի կորուստներ։

Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները 4 Յուլիսին, ուշ երեկոյեան հաղորդած էին, թէ հայկական կողմի արկակոծութեան հետեւանքով Ալխանլու գիւղին մէջ 50-ամեայ կին եւ  2 տարեկան երեխայ զոհուած է, եւս մէկ կին վիրաւորուած եւ տեղափոխուած է հիւանդանոց։

Պաշտօնական Պաքուն պնդած է, որ հայկական կողմը առաջին անգամ կրակած է, Ղարաբաղի բանակն ալ հակառակը ապացուցելու համար տեսանիւթեր տարածած է։

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը պնդած է նաեւ, որ հայկական կողմը երեք վիրաւոր ունի, մինչդեռ Պաշտպանութեան բանակը կը հերքէ։

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանի խօսքով, ղարաբաղա-ատրպէյճանական սահմանին գիշերը նոյնպէս լարուած եղած է․ – «Կրակոցներ շատ են եղել, հրետանային միջոցներ են կիրառուել գիշերուայ ժամերին: Բանակը, ինչպէս ցանկացած պահի, պատրաստ է հակառակորդի ցանկացած ոտնձգութեան»:

Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Դաւիթ Բաբայեանը «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ սահմանին իրավիճակը վերահսկելի է։ Անոր խօսքով՝ նոր սրացումներու կը սպասեն, բայց լայնածաւալ պատերազմը քիչ հաւանական կը համարեն։

Պաշտօնական Ստեփանակերտը տեղի ունեցածի հետ կապուած միջազգային հանրութեան արձագանգը կ’ակնկալէ։ «Դա շատ կարեւոր է: Ատրպէյճանը խախտում է զինադադարի ռեժիմը, կիրառում է տարբեր տիպի զինատեսակներ: Ւհարկէ պատասխան ստանում է, բայց միջազգային հանրութեան դէմ է նաեւ ուղղուած այս ամէնը, անյարգալից վերաբերմունք է ցուցաբերւում միջազգային հանրութեան ջանքերի նկատմամբ»:

ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները կողմերուն ռազմական գործողութիւնները դադրեցնելու կոչ ըրին։ Անոնք կը շեշտեն, որ բռնութիւնը լուծում չէ եւ միակ լուծման տարբերակը բանակցութիւններու վերադառնալն է։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment