Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը կը Նախատեսէ Զարգացնել եւ Ընդլայնել Ռազմարդիւնաբերութիւնը

Կառավարութիւնը կը Նախատեսէ Զարգացնել եւ Ընդլայնել Ռազմարդիւնաբերութիւնը

by MassisPost

Կառավարութիւնը Հայաստանի մէջ ժամանակակից զինամթերքարտադրութիւնը զարգացնելու որոշում կայացուցած է։ Երէկ չզեկուցուող ընթացակարգով գործադիրը հաստատած է «Ռազմարդիւնաբերական եւ ռազմամթերքի քաղաքականութեան ռազմավարութենէն» բխող միջոցառումներու ծրագիրը, որու ծիրէն ներս նախատեսուած է ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ ընդլայնել ներհանրապետական արտադրութիւնը եւ զինուած ուժերը ապահովել ժամանակակից սպառազինութեամբ ու ռազմական սարքերով։

Թէեւ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը կառավարութեան երեկուայ նիստին նախագիծի մասին զեկոյց չէ ներկայացուցած, բայց պաշտօնապէս հրապարակուած փաստաթուղթին մէջ շարք մը ուշագրաւ մանրամասներ կան։ Մասնաւորապէս՝ կը նախատեսուի ռազմական արտադրութեան ոլորտի մէջ շարք մը հիմնարկներ ձեւաւորել, որոնք աշխատանքներ կ’իրականացնեն հեռահաղորդակցութեան, հեռակառավարման, տեսողական յատուկ սարքերու եւ կապի արդիական միջոցներու ոլորտներու մէջ։

«Ինֆորմացիոն թեխնոլոկիաների ձեռնարկութիւնների միութեան» տնօրէն Կարէն Վարդանեանը, որ տարիներ շարունակ բարձրաձայնած է Հայաստանի մէջ ժամանակակից զինամթերքի արտադրութիւն սկսելու անհրաժեշտութեան մասին, «Ազատութեան» հետ զրոյցի ժամանակ համոզմունք յայտնած է, որ նշուած ոլորտներուն մէջ ժամանակակից զինամթերքի արտադրութեան կազմակերպումը Հայաստանի մէջ հնարաւոր է, կան համապատասխան մասնագէտներ:

«Հայաստանը ժամանակին արտադրում էր Խորհրդային Միութեան ռազմական ելեկտրոնիկայի մէկ երրորդը: Այսօրուայ սերունդն էլ միջազգային շուկայում յաջողութիւններ ունի, իհարկէ հնարաւոր է նման արտադրութիւն»,- ըսած է Կարէն Վարդանեանը:

Ծրագիրով կը նախատեսուի ռազմական գիտահետազօտական կառոյց ստեղծել, ինչպէս նաեւ միաւորել ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտի մէջ մասնագիտացած երեք խոշոր գործարաններ՝ «65 Ռազմական գործարան»-ը, «Գառնիլեռ ԳԱՄ»-ը եւ «Չարենցաւանի հաստոցաշինական գործարան» ընկերութիւնը։

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը ծրագիրի այլ մանրամասներ չէ ներկայացուցած։ Այս հարցին վերաբերեալ, ըստ փաստաթուղթի, պաշտպանութեան նախարարութեան հետ պիտի համագործակցին նաեւ ԿԳՆ-ն եւ Գիտութեան պետական կոմիտէն։ Երկու կառոյցներէն ալ «Ազատութեանը» փոխանցած են, որ հարցը դեռ քննարկման փուլի մէջ է, եւ թեմային կ’անդրադառնան աւելի ուշ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment