Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Գերմանիան Պիտի Սկսի Դուրս Բերել իր Զօրախումբը Ինճիրլիքէն

Գերմանիան Պիտի Սկսի Դուրս Բերել իր Զօրախումբը Ինճիրլիքէն

by MassisPost

Գերմանիան պիտի սկսի դուրս բերել իր զօրախումբը թրքական Ինճիրլիքէն: «Մեզի այլ բան չի մնար ընել», – ժամեր առաջ յայտարարած է արտաքին գործերու նախարար Զիկմար Կապրիէլը՝ Անգարայի մէջ թուրք գործընկերոջ հետ հանդիպումէն ետք

Կապրիէլը Անգարա ժամանած էր՝վերջին անգամ մը յորդորելու Թուրքիոյ իշխանութիւններուն թոյլ տալ Պունտեսթակի պատգամաւորներու մուտքը ռազմակայան, ուր շուրջ 250 գերմանացի զինուոր տեղակայուած է: Դռնփակ բանակցութիւնները, սակայն, ըստ էութեան արդիւնք չեն տուած:

«Իմ թուրք գործընկերը բացատրեց, որ այս իրավիճակին մէջ Թուրքիան չի կրնար արտօնել գերմանացի օրէնսդիրներու մուտքը Ինճիրլիք՝ ներքաղաքական պատճառներով: Կը ցաւիմ անոր համար: Միւս կողմէ,ես ալ խնդրեցի ըմբռնումով մօտենալ այն փաստին, որ նոյն այդ՝ ներքին հարցերու պատճառով Գերմանիան ալ պէտք է դուրս բերէ իր զինուորները Ինճիրլիքէն: Գերմանիոյ մէջ բանակը խորհրդարանին կ’ենթարկուի եւ Պունտեսթակը յստակ կը պահանջէ, որ պատգամաւորները կարենան տեսակցիլ զինուորներուն հետ, որեւէ ժամանակ», – ըսած է Զիկմար Կապրիէլը:

Կապրիէլը նշած է, որ Պերլին վերադառնալուն պէս կառավարութեան ու խորհդարանին պիտի ներկայացնէ այս այցի արդիւնքները, որմէ ետք արդէն պիտի սկսի զինուորներու դուրսբերումը: «Մենք կ’ուզէինք, որ այս գործընթացը խաղաղ անցնի»,- հրաժեշտէ առաջ յայտարարած է Գեմանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, օգտագործելով դիւանագիտական լեզուն, հաւաստիացուց՝ Անգարան որեւէ խնդիր չունի Գերմանիոյ հետ, որ իր ամենամեծ առեւտրային գործընկերն է, սակայն կան հարցեր, որոնք չեն կրնար անտեսուիլ: Չաւուշօղլուն չթաքցուց՝ Անգարային ամենաշատ զայրացուցած է Էրտողանի աւելի քան 400 ընդդիմախօսներուն ապաստան տալու՝ Գերմանիոյ իշխանութիւններու որոշումը:

«Մենք չէինք ուզեր տեսնել՝ ինչպէս բարեկամական երկիր Գերմանիան ապաստան կու տայ հարիւրաւոր կիւլէնականներու ու անցած տարուայ յեղափոխութեան փորձը կազմակերպելու մէջ կասկածուող զինուորականներու: Անոնք, որոնց ապաստան հայցած են, որպէսզի խուսափին թրքական արդարադատութենէն, պէտք է արտայանձնուին», – յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ընդգծելով՝ «եթէ Գերմանիան մէկ քայլ առաջ ընէ դէպի մեզի, մենք երկուքը կ’ընենք»:

Այս պահուն, սակայն, ընդառաջ քայլերու մասին որեւէ ակնարկ չկայ, ճիշդ հակառակը: «Reuters» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ գերմանական զօրախումբը Ինճիրլիքէն դուրս բերելու՝ Զիկմար Կապրիէլի յայտարարութենէն ետք Թուրքիոյ վարչապետը չեղարկած է անոր հետ նախատեսուած հանդիպումը՝ պատճառաբանելով, թէ խիստ ծանրաբեռնուած է: Այդուամենայնիւ, առայժմ ուժի մէջ կը մնայ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարի հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի հետ, որ ամիսներ առաջ դեռ Գերմանիոյ իշխանութիւններուն հրապարակաւ ֆաշիսթ ու նացիսթ կ’որակէր:

ՆԱԹՕ-ի անդամ երկու դաշնակիցներու միջեւ յարաբերութիւններու մէջ ակնյայտ լարուածութիւնը սկսած էր անցեալ տարուընէ, երբ Գերմանիոյ Պունտեսթակը գրեթէ միաձայն ճանչցած էր Հայոց ցեղասպանութիւնը: Տարաձայնութիւնները, սակայն, հասան իրենց կիզակէտին այս տարի, երբ պաշտօնական Պերլինը մերժեց թուրք նախարարներուն Գերմանիոյ տարածքին քարոզչական հանդիպումներ իրականացնելը՝ Էրտողանի նախաձեռնած սահմանադրական բարեփոխումներու օգտին: Իրավիճակը աւելի սուր դարձաւ, երբ Պերլինը քաղաքական ապաստան տուաւ Էրտողանի հարիւրաւոր ընդդիմախօսներուն, Անգարան ալ ձերբակալեց ծագումով թուրք գերմանացի լրագրողը՝ ահաբեկչութեան հետ առնչութիւն ունենալու մեղադրանքներով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment