Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լաւրով. Հայաստանի Մէջ Տեղակայուած Ռուսական Խարիսխը Պատրաստ է Պայքարիլ «Իսլամական Պետութեան» Դէմ

Լաւրով. Հայաստանի Մէջ Տեղակայուած Ռուսական Խարիսխը Պատրաստ է Պայքարիլ «Իսլամական Պետութեան» Դէմ

by MassisPost

«Ռուսաստանի մէջ արգիլուած «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը վար չի դներ զէնքերը: Խմբաւորման գրոհայինները աշխուժօրէն կը գործեն ոչ միայն Մերձաւոր Արեւելքի ու Հիւսիսային Ափրիկէի մէջ, այլեւ ռուսական սահմաններու հարեւանութեամբ»:

«Միր 24» հեռուստաընկերութեան տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը, վստահութիւն յայտնելով, որ Ռուսաստանը անպայման պիտի հասնի այն բանին, որ ահաբեկչական խմբաւորումը յանձնուի:

«Այս փուլին մէջ այն աշխոյժ կը գործէ Աֆղանիստանի մէջ, յատկապէս այդ երկրի հիւսիսային շրջաններուն մէջ, որոնք սահմանակից են մեր դաշնակից երկիրներուն: ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու ուժային ստորաբաժանումները մշտական պատրաստուածութեան մէջ են: Պատրաստուած են նաեւ ռուսական ռազմապազաները, որոնք տեղակայուած են Տաճիկիստանի, Ղրղզստանի ու Հայաստանի մէջ: Քանի դեռ այդ չարիքը ոչնչացուած չէ, մեր առաջնահերթութիւնները կը մնան նոյնը»,-ըսած է Լաւրով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment