Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետը Խորհուրդ Տուած է Սփիւռքի Ներուժը Առարկայական Օգտագործել

Վարչապետը Խորհուրդ Տուած է Սփիւռքի Ներուժը Առարկայական Օգտագործել

by MassisPost

Վարչապետ Կարէն Կարապետեան այցելած է Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոն, ուր խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ տարբեր ներդրումային ծրագրերուն եւ կառավարման ոլորտին մէջ սփիւռքի ներգրաւման ու առկայ ներուժի իրացման ուղղուած հարցեր:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մանրամասն ներկայացուցած է սփիւռքի հայկական գաղթօճախներու հետ համագործակցութեան ուղղութիւնները եւ նշած, որ ստեղծուած է աշխարհի գրեթէ բոլոր երկիրներուն մէջ  հայ համայնքներու հետ յարաբերութիւններու լայն ցանց: Հրանուշ  Յակոբեանի խօսքով՝ կատարուած են ծաւալուն աշխատանքներ սփիւռքի ներուժը Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման ուղղելու նպատակով, որուն արդիւնքով կան բազմաթիւ յաջողակ օրինակներ:

Վարչապետ Կարապետեան կարեւորած է սփիւռքի հետ աշխուժ համագործակցութիւնը եւ նախարարին յանձնարարած է շահագրգիռ գերատեսչութիւններուն եւ Ռազմավարական նախաձեռնութիւններու կեդրոնին հետ համատեղ, արդէն իսկ մշակուած ներդրումային ծրագիրներու փաթեթները ներկայացնել սփիւռքահայ ներդրողներուն: Կարէն Կարապետեան ընդգծած է, որ անհրաժեշտ է Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ստեղծուած ցանցը աւելի առարկայական օգտագործել եւ այդ աշխատանքներուն մէջ ներգրաւել նաեւ արտերկրի ՀՀ դեսպանութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment