Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ֆրանսայի Դեսպան. ԵՄ-ը Հայաստանի Մէջ Կ°ակնկալէ Լաւագոյն Ընտրութիւններ

Ֆրանսայի Դեսպան. ԵՄ-ը Հայաստանի Մէջ Կ°ակնկալէ Լաւագոյն Ընտրութիւններ

by MassisPost

Եւրամիութիւնը կը ցանկայ եւ կ’ակնկալէ, որ Ապրիլ 2-ի ընտրութիւնները Հայաստանի մէջ կայանան լաւագոյն մակարդակով, որուն համար ընտրութիւններու գործընթացին կատարուած է 7 միլիոն եւրոյի ներդրում: Լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէ։

Ըստ անոր, ընտրութեան հանդէպ վստահութեան մթնոլորտը ժողովրդավարութեան կարեւորագոյն սկզբունքներէն է։ Թէեւ Ֆրանսիայի կառավարութիւնը առանձնաբար ներդրում չէ ըրած, սակայն, դեսպանը յիշեցուցած է, որ Եւրամութեան ընդհանուր պիուճէի 18 տոկոսը ֆրանսացի հարկատուներու գրպանէն ձեւաւորուած է։

Բացի այդ, Ֆրանսա 20 միլիոն տոլարի օժանդակութիւն տրամադրած է Հայաստանի զարգացման ծրագրերուն։

«Տակաւին մի քանի կէտեր կան, որոնց վերաբերեալ Հայաստանն ու Եւրամիութիւնը համաձայնութեան պիտի գան, բայց, ընդհանուր առմամբ, բանակցութիւնները բարենպաստ պայմաններով կ’ընթանան։ Իմ կարծիքով, շուտով արդէն կը ստորագրենք երկու կողմերուն բաւարարող համաձայնագիր»,- յայտարարեց Ֆրանսայի դեսպանը։

Անոր խօսքով, նոր համաձայնագիրը «կարեւոր թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Եւրամիութեան տեսանկիւնէն»։

Ֆրանսայի դեսպանը տեղեակ չէ՝ արդեօ՞ք մօտ ապագային հնարաւոր է Հայաստանի քաղաքացիներուն համար ԵՄ երկիրներ մուտքի վիզայի անհրաժեշտութեան չեղարկում, ինչպէս եղաւ Վրաստանի պարագային: «Ամէն ինչ բանակցութիւններէն կախուած է»,- ըսաւ ան:

Մինսկի խումբի համանախագահ Ֆրանսայի դեսպանը չշրջանցեց նաեւ Ղարաբաղի թեման, նշելով, որ ներկայ իրավիճակը, երբ շփման գիծին շարունակ զոհեր կան, չի կրնար ընդունելի ըլլալ հակամարտող կողմերէն որեւէ մէկուն համար։

Ժան-Ֆրանսուա Շարփանթիէի խօսքով՝ Մինսկի խումբը ջանքեր չի խնայեր կողմերը կրկին բանակցային սեղան վերադարձնելու համար: Ֆրանսիայի նախագահ Հոլանտ, իր կարգին, Փետրուար 8-ին յայտարարած է, որ պատրաստ են իրենց երկիրը ընդունիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները կամ արտաքին գործոց նախարարները, երբ քննարկելու համար կուտակուած շօշափելի նիւթ ըլլայ:

Այնուամենայնիւ, ըստ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանի, հակամարտութեան կարգաւորման համար անհրաժեշտ նախապայմանը կողմերու քաղաքական կամքն է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment