Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հակառակորդի Կրակոցէն Զինծառայող Զոհուած է եւ Ուրիշ մը Վիրաւորուած

Հակառակորդի Կրակոցէն Զինծառայող Զոհուած է եւ Ուրիշ մը Վիրաւորուած

by MassisPost

Փետրուարի 8-ին, ժամը 11:00-ի կողմերը, ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ, հակառակորդին կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտման հետեւանքով, մահացու վիրաւորում ստացած է ՊԲ պայմանագրային զինծառայող, 1979-ի ծնունդ Գեղամ Հենրիկի Մանուկեան:

Դէպքին մանրամասները պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի:

ԼՂՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:

Նոյն օրը հակամարտ զօրքերու շփման գիծի մէկ այլ (Մարտակերտ) ուղղութեամբ ժամը 12:00-ի կողմերը, կրկին հակառակորդին կողմէ հրադադարի ռեժիմի խախտման հետեւանքով, ծանր վիրաւորում ստացած է ՊԲ ժամկէտային զինծառայող, 1988-ի ծնունդ Կորիւն Կամոյի Կիրակոսեան:

Դէպքին առթիւ քննութիւն կը կատարուի:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment