Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Կարէն Կարապետեան՝ Հայաստանը Խոր Փոփոխութիւններու Կարիք Ունի

Կարէն Կարապետեան՝ Հայաստանը Խոր Փոփոխութիւններու Կարիք Ունի

by MassisPost

Հայաստանը խոր փոփոխութիւններու կարիք ունի ու «մենք առաջարկում ենք ամենարագ փոփոխութիւնները, որքանով հնարաւոր է»։ Այս մասին Bloomberg գործակալութեան ըսած է ՀՀ վարչապետ Կարէն Կարապետեանը։

Մասնաւորապէս Կարապետեան նշած է կաշառակերութեան դէմ պայքարին ուղղուած միջոցառումները՝ պաշտօնակալութիւնը պարզեցնելու ու ձեռներէցութեան պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու հաշուին։

Կարապետեանը շեշտած է, որ մաքսային ծառայութեան ղեկավարութեան ու հարկային օրէնսգրքին մէջ եղած փոփոխութիւնները կը նպաստեն թափանցիկութեան բարձրացման ։

Կարապետեանը նշած է, որ մտադիր է ստեղծել խորհրդատուական խումբ, որ կը ներառէ նաեւ օտարերկրեայ մասնագէտներու՝ երկարաժամկէտ հեռանկարով տնտեսութեան զարգացման հնարաւորութիւններ որոնելու համար։

Անոր կարծիքով յաջորդ տարուան 3․2 տոկոսի տնտեսական աճը՝ Հայաստանի 5․8 միլիառ տոլարի չափով արտաքին պարտքի հետ միասին բաւարար չեն բնակչութեան կենսամակարդակը զգալիօրէն բարձրացնելու համար։ «Մեր արտաքին պարտքը աւելի արագ է աճում, քան ՀՆԱ-ն ու աւելի արագ, քան եկամուտները»,- նկատած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment