Սրտաճմլիկ տեսարաններ կը հասնին Սուրիոյ Հալէպ քաղաքէն: Հեռատեսիլի վրայ կ’երեւին աւերակներու տակէն դուրս բերուող երեխաներ ու քարուքանդ եղած հիւանդանոցներ: Այս բոլորէն անմասն չեն մնար նաեւ հալէպահայութեան այն փոքր տոկոսը, որոնք կը շարունակեն պահել այդ օճախը, հակառակ հինգ տարիներէ ի վեր շարունակուող քաղաքացիական անողոք պատերազմին:
Անցնող շաբթուայ ընթացքին, հրթիռակոծութեան հետեւանքով մէկ օրուայ մէջ հինգ հայերու մահը, որոնցմէ մէկը պատանի, եկաւ ցնցելու ամբողջ հայութիւնը:
Աշխարհ մտահոգուած է Հալէպի կացութեամբ: Կողմերը զիրար կ’ամբաստանեն իրավիճակի վատթարացման մէջ, սակայն խաղաղութեան հասնելու բոլոր ճանապարհները առայժմ կը տանին դէպի փակուղի:
Շարունակուող այս կացութեան ու մօտալուտ խաղաղութիւն հաստատելու հեռանկարի բացակայութեան դիմաց, հարց կը տրուի թէ, ի՞ նչ պէտք է ընել տակաւին հոն մնացող հազարաւոր հայորդիներուն հետ: Ոմանք կը խորհին թէ, Հայաստանի պետութիւնը պէտք է դիմէ յատուկ միջոցներու, ժողովուրդը Հայաստան տեղափոխելու համար: Կայ այլ տեսակէտ մը, որ կը խորհի թէ Հալէպահայ գաղութը պահելը կարեւոր է մարդկային առումով, ու նաեւ մեր ազգային դատի տեսակէտով: Հալէպի մէջ մենք ունինք ազգային կալուածներ, պատմական նշանակութիւն ունեցող կառոյցներ եւ հաստատութիւնները, որոնց պէտք է ամէն գնով տէր կանգնիլ:
Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Հալէպի հրթիռակոծումներու թիրախ դարձած հայերու տարհանման հարցը Հայաստանի կառավարութեան օրակարգին վրայ չէ:
Մինչ այդ, Հալէպի մէջ ներկայիս կ’ապրի 8-10 հազար հայեր, որոնք պէտք ունին մնայուն հոգածութեան: Այդ նպատակով Լոս Անճելըսի մէջ կը գործէ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Մարմինը` SARF-ը, որ անփոխարինելի աշխատանք կը կատարէ` հինգ տարիներէ ի վեր: Այդ օժանդակութեան շնորհիւ կը շարունակեն գործել մեր վարժարանները եւ այլ հաստատութիւնները:
Լոս Անճելըսահայ համայնքը կոչուած է զօրակցելու այս համազգային մարմինին, որպէսզի ան կարողանայ շարունակել իր կարեւոր առաքելութիւնը:
«ՄԱՍԻՍ»