Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Սփիւռքը Առաջուան Նման Վերացական Հայրենիքի Տեսլականով Չ’ապրիր, Այլ կը Հետեւի Բոլոր Զարգացումներուն»

«Սփիւռքը Առաջուան Նման Վերացական Հայրենիքի Տեսլականով Չ’ապրիր, Այլ կը Հետեւի Բոլոր Զարգացումներուն»

by MassisPost

Յայտարարեց ՍԴՀԿ   Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ՝ Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան

«Մինչեւ այս պահը  Հայաստանն ու սփիւռքը, իրար լաւ չեն ճանչնար» յայտարարեց ՍԴՀԿ  Կեդրոնական Վարչութեան  ատենապետ   Ընկ. Համբիկ Սարաֆեան:   Ներկայացուցիչ ընկերը, որ  հարցազրոյց մը տուաւ A1+ կայքին  յայտնեց, թէ «Սփիւռքը  այսօր աւելի  մանրամասն կերպով կը հետեւի Հայաստանի     բոլոր անցուդարձերուն», նկատել տալով, որ  վերջին տարիներուն   սփիւռքի  մէջ նոր  մթնոլորտ մը կայ եւ ի տարբերութիւն  անցնող տարիներուն    հայութեան համար գերխնդիրը միայն  Հայոց Ցեղասպանութեան   ճանաչումը չէ, այլ նաեւ Հայաստանի մէջ գրանցուող  զարգացումները, որովհետեւ  «Սփիւռքի մէջ ապրող  հայորդիներուն   շատ- շատերը հարազատներ ունին Հայաստանի մէջ, բան մը որ իրադարձութիւններուն հետեւելու ընդհանուր    մթնոլորտը կը դարձնէ աւելի աշխուժ եւ էական»: Ընկեր Սարաֆեան պատասխանելով  լրագրող Արամ Աբրահամեանի  այն հարցին, թէ  արդեօք  ինք գոհ է Հայաստան- Սփիւռք կառոյցներուն  փոխ գործակցութիւնէն պատասխանեց  ո՛չ  դիտել տալով,  որ «դեռ շատ  աշխատանք կայ տարուելիք ու վերջին  քսանհինգ տարիներուն ընթացքին մեզի չյաջողուեցաւ   աշխատանքները տանիլ համակարգուած    ձեւով»:

Ընկեր  նաեւ ըսաւ, թէ «մենք շատ յաճախ կը խօսինք  սփիւռքի ունեցած ներուժին մասին,  սակայն ոչինչ կ’ընենք  իրողապէս   օգտուելու   համար սփիւռքի ունեցած  կարողականութիւնէն»:  Ան նաեւ յայտնեց, որ  Հայաստան- սփիւռքը փոխ գործակցութիւնը   պէտք է դրուին հաստատ  եւ  ամուր հիմքերու վրայ, մտահոգութիւն յայտնելով, որ «անկախութիւնէն քսանհինգ տարի  ետք ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ սփիւռքը   զիրար  կը  ճանչնան»:

Ան  խօսելով  այսօրուան սփիւռքի հիմնական հարցերուն մասին,  յիշեցուց որ  այսօրուան  սփիւռքը    ունի տարբեր մօտեցումներ եւ  մինչ անցեալին «մեզի համար հիմնական հարցը   ցեղասպանութեան ճանաչումն ու  հայ դատն էին,  այսօր Հայաստանի  խնդիրները դարձած են  առաջին  առանցքի  էական խնդիրներ: Սփիւռքը  առաջուան նման   վերացական   հայրենիքի  տեսլականով չէ , որ կ’ապրի  այլ    կը  տեսնէ,  կը հետեւի եւ կը ճանչնայ  այսօր մեր երկրի դիմագրաւած հարցերը եւ  կ’ուզէ  մասնակից  դառնալ   այստեղ   ընթացող քաղաքական գործընթացներուն»:

Ընկեր Սարաֆեանի  խօսքով Հայաստանի այսօրուան  համակարգին մէջ  պէտք է մասնակից ըլլան նաեւ  սփիւռքահայ  գործիչներ, որոնք իրենց ունեցած փորձը  ներդնելով պիտի յաջողին դրական ալիք մը ստեղծել  բան  մը, որուն կարիքն ունի մեր երկիրը:

Խօսելով    Արցախեան   վերջին զարգացումներուն մասին  Ընկ. Սարաֆեան ըսաւ «մեզի համար այսօր հիմնական  խնդիրը Արցախի անվտանգութեան կողքին  սահմանային  դիրքերուն    շուրջ եղող տարածքներուն  վերաբնակեցումն  է, որովհետեւ  միայն այդ կերպ պիտի յաջողինք մեր հերոսական բանակին համար ստեղծել հզօր թիկունք: Միայն այդ կերպ կրնանք    որեւէ զարգացումի   կամ  յառաջիկային տեղի  ունենալիք  բանակցութիւններուն սեղանին ներկայանալ   ուժեղ  դիրքերէ: Վերջին քառօրեան մեզի համար ահազանգային իրավիճակ մը ստեղծեց ու վստահ եմ, որ այդ պատերազմի   բացթողումներէն սորվելով  մենք,  որպէս  ժողովուրդ  պիտի   սրբագրենք  առկայ բոլոր բացթողումները  եւ   կատարելագործենք մեր հերոսական  բանակի հնարաւորութիւնները»: Ընկ. Սարաֆեան  նաեւ նկատել տուաւ, որ «սփիւռքը միշտ պատրաստ է նեցուկ կանգնիլ   ե՛ւ Արցախին եւ Հայաստանին  սակայն հիմնականը   մեր երկրի իշխանութիւններն են, որոնք ամէն  գնով պէտք է սրբագրեն   առկայ  խոցելի կէտերը  եւ  բացթողումները»:  Ան աւարտին յոյս յայտնեց, որ «Արցախի մէջ   եղած  դէպքերը մոռացութեան չեն մատնուիր ու մենք, որպէս միասնական ժողովուրդ կը    յստակ եւ ամուր քայլերով կը շարունակենք պետականաշինութեան    ընթացքը,  անշուշտ միշտ հենելով   Հայաստան- Արցախ- սփիւռք եռամիասնութեան վրայ:»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment