Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Դաւիթ Պապայեան․ «Ճանաչումը Կարեւոր Է, Բայց Մենք Արդէն Իսկ ՏըՖաքթօ Անկախ Ենք»

Դաւիթ Պապայեան․ «Ճանաչումը Կարեւոր Է, Բայց Մենք Արդէն Իսկ ՏըՖաքթօ Անկախ Ենք»

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան 25 տարուան ամենամեծ ձեռքբերումը այն է, որ «Արցախի Հանապետութիւնը` որպէս անկախ, ինքնուրոյն, ինքնիշխան ժողովրդավարական պետութիւն կայացած է»,- «Ազատութեան» հետ զրոյցին յայտարարեց Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Պապայեանը:

«Երբ 25 տարի առաջ հռչակուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, հռչակուեցաւ շատ ծանր պայմաններու մէջ` Ազրպէյճանի շրջափակման, տագնապի, կոտորածներու, այնուհետեւ լայնածաւալ պատերազմ սկսեցաւ Ազրպէյճանը Արցախի դէմ: Բայց ազգային ազատագրական պայքարը տրամաբանական զարգացում արձանագրեց, ստեղծուեցաւ Արցախի Հանրապետութիւնը: Այնուհետեւ սկսեցաւ ապաքինուիլ այդ հասցուած վնասէն, տնտեսութիւնը արդէն տեղափոխուեցաւ խաղաղ հունի վրայ, եւ նորմալ ձեւով կը զարգանայ», – ըսաւ Պապայեանը` շարունակելով․ – «Ի հարկ է, կան լուրջ խնդիրներ, կան բազմաթիւ սոցիալ-տնտեսական խնդիրներ, որոնք դեռեւս լուծուած չեն: Գիտէք կան բացթողումներ օրինակ` կարգաւորուած չէ ազրպէյճանա – ղարաբաղեան հակամարտութիւնը, դեռեւս  ընելիքներ ունինք նաեւ տնտեսութիւնը աւելի զարգացնելու, չնայած որ կարելի է ըսել, որ հիմնովին նոր տնտեսութեան ճիւղեր հիմնադրուած են Արցախի մէջ, օրինակ` լեռնահանքային արդիւնաբերութիւնը, հիտրոէնէրկէթիքան»:

«Արցախի մէջ կը նշեն անկախութեան 25-ամեակը, թէեւ որեւէ պետութիւն դեռեւս չէ ճանչցած Արցախի անկախութիւնը: Ասոր ինչպէ՞ս կարձագանգէք, ըստ Ձեզ` այս մէկը ղարաբաղցիներուն կանհանգստացնէ՛ »,

– այս հարցին ղարաբաղցի բարձրաստիճան պաշտօնեան արձագանգեց․

– «Այդ անկախութեան Տը ֆաքթօ մենք հասած ենք մեր տղաներու արեան գնով, իսկ այդ մէկը գին չունի: Ինչպէս կը վերաբերին տարբեր պետութիւններ մեր հանրապետութեան ճանաչման, ապա այդ մէկը միայն ժամանակի խնդիր է: Եւ այստեղ մենք գիտենք, որ շատ աշխարհաքաղաքական խնդիրներ կան, որոնք բախումի կ՛ենթարկուին տարբեր շահերու հետ: Բայց տեսէք` ինչ անդրադարձ ունեցած է ճանաչումը նահանգային,  տեղականին ինքնակառավարման առումով, օրինակ` Լոս Անճելըս քաղաքը, որ աշխարհի ամենամեծ քաղաքներէն մէկն է, ճանչցած է Արցախի Հանրապետութիւնը: Այսինքն, աստիճանաբար յառաջ կ՛երթայ: Այո, մեզ ճանչցած են նաեւ երեք կիսաճանչցուած երկրներ` Աբխազիան, Հարաւային Օսիան, Մերձդնեստրը, բայց ընդհանուր առմամբ, կը կարծեմ, ժամանակը կու գայ` կը ճանչնան նաեւ այլ երկիրներ»:

Պապայեան ընդգծեց, որ ճանաչումը իրենց համար ինքնանպատակ չէ․

– «Բարեբախտաբար, մենք այդ չճանչցուած ըլլալու բարդոյթէն շատոնց արդէն ձերբազատուած ենք: Մենք կուզե՛նք, որ ճանչցուած ըլլանք, բայց մեր ժողովուրդը չընկճուիր, քանի որ դեռեւս ճանչցուած չէ: Ի վերջոյ, ճանաչումը այլ պետութիւններու կողմէ, ի հարկէ, կարեւոր է, բայց մենք արդէն իսկ տը ֆախթօ անկախ ենք եւ ինքնուրոյն կ՛որոշենք մեր ճակատագիրը»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment