Home ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՄԵՐ ԱՆԿԻՒՆԷՆ Տոնալտ Թրամփի Թեկնածութիւնը

Տոնալտ Թրամփի Թեկնածութիւնը

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները  բոլորեց տագնապալի շաբաթ մը, որու  ընթացքին միջցեղային հարցերը դարձեալ գրաւեցին երկրի ուշադրութիւնը: Լիւիզիանայի եւ Մինիսոթայի մէջ երկու սեւամորթ քաղաքացիներու սպանութիւնը` ոստիկաներու ձեռքով,  զանգուածային բողոքի ցոյցերու  ալիք յառաջացուց երկրի տարածքին: Այդ ցոյցերէն մէկու ընթացքին, Տալասի մէջ սեւամորթ նախկին բանակային մը կրակ բանալով սպաննեց 5 ոստիկաններ, վիրաւորելով տասնեակ մը ուրիշներ:

Այս օրերուն երբ երկիրը կարիքը ունի ժողովուրդը իրար մօտեցնող եւ համերաշխութիւն քարոզող ձայներու, Հանրապետական կուսակցութիւնը, Յուլիս 18-ին սկսող իր  համագումարով պիտի գայ պաշտօնականացնելու նախագահական թեկնածութիւնը`  գործարար Տոնալտ Թրամփի: Անձի մը, որ իր ընտրարշաւը կառուցած  է ժողովուրդներու միջեւ պատեր կառուցելու  եւ  երկրի  տարբեր հատուածները իրար դէմ հրահրելու քարոզչութեան վրայ:

Այս թեկնածութեան հակադրուած  են եւ ոչ միայն Դեմոկրատներ ու անկախներ, այլ նաեւ մեծ թիւով հանրապետական ղեկավարներ, որոնք  չեն կրնար հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ Տոնալտ Թրամփի նման անձնաւորութիւն մը, որ շահագործելով  որոշ խաւերու մտահոգութիւնները, յաջողեցաւ առեւանգել իրենց կուսակցութիւնը ու անոր սկզբունքները: Հանրապետական նախկին նախագահներ եւ նախագահի թեկնածուներ, որոնց շարքին հայր  եւ որդի Ճորճ Պուշերը, Ճոն Մաքքէյնը, Միթ Ռամնին, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ նահանգապետեր, գոնկրէսականներ եւ ծերակուտականներ յայտարարած են որ,  ներկայ պիտի չգտնուին Համագումարին, պառակտումի աննախընթաց երեւոյթ մը պարզելով կուսակցութեան պատմութեան մէջ:

Տոնալտ Թրամփի նախագահ դառնալու հաւանականութիւնը կը մտահոգէ նաեւ  արտաքին աշխարհը, որ զարմանքով կը հետեւի ամերիկեան ներքին կեանքի ելեւէջներուն:

Նախընտրական պայքարի ընթացքին Տոնալտ Թրամփի   հրապարակային ելոյթները եկան յստակ դարձնելու շատ-շատերուն, որ ան չունի համապատասխան գիտելիքներ, նախագահի վայել   պահուածք եւ  հետեւաբար ատակ չէ դառնալու այս մեծ երկրի յաջորդ առաջնորդը:

Առայժմ այդ կը վկայեն նաեւ հանրային կարծիքի ուսումնասիրութիւնները, Տոնալտ Թրամփին տալով նախագահ դառնալու միայն 25  տոկոս հաւանականութիւն:

ՄԱՍԻՍ

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment