– Յարութ Տէր Դաւիթեան

Հայաստանի Բանակէն ներս Յուլիս-Օգոստոս ամիսներուն պատահած 9 սպաննութիւնները, Սեպտեմբեր 11ին YouTubeի վրայ զետեղուած Հայաստանի բանակի սպայի մը վարկաբեկիչ արարքը եւ Հայաստանի անկախութեան 19րդ տարեդարձը դուռ բացին խորհրդածութիւններու, որոնցմէ յանգեցաւ այս ամփոփ գրութիւնը:

Ազգ մը, հակառակ սակաւաթիւ ըլլալուն, երբ հազարաւոր տարիներ կը շարունակէ մնալ պատմութեան թատերաբեմին վրայ, մինչ իրմէ բազմապատիկ ստուարաթիւ ազգեր կ’անհետանան, կը նշանակէ որ օժտուած է հզօր յատկութիւններով:  Բայց ի՞նչպէս բացատրել նոյն ազգի սակաւաթիւ մնալը, երբ իրմէ դարեր ետք յայտնուած սակաւաթիւ այլ ազգեր կը յաջողին ստուարանալ եւ մեծ ուժ դառնալ:

Որո՞նք են այն հզօր յատկութիւնները որ մեզ կը պահեն եւ ի՞նչու անոնք մեզ չեն առաջնորդեր քանակական եւ որակական բարձրունքներու: Ի՞նչու համար կը յաջողինք տկար եւ յուսահատական վիճակի մէջ Սարտարապատ կերտել, բայց երկու տարի ետք աւելի կազդուրուած, զինուած եւ յուսալից վիճակի հասնելէ ետք, առանց փամփուշտ արձակելու Կարսի ամրակուռ բերդաքաղաքը թշնամիին կը յանձնենք: Ի՞նչու համար կը յաջողինք որսորդական հրացաններով ու պաշտպանական ջոկատներով Արցախեան հերոսամարտ կերտել, բայց փոխանակ ազատագրուած հողը ամրացնելու, զայն կը լքենք ու կը հեռանանք:

Արդեօ՞ք յուսահատական վիճակներու մէջ իտէալիստներու զոհաբերութեամբ կերտուած յաղթանակները աւարի կեր կը դառնան խաղաղ ժամանակներու պատեհապաշտներու, ազգային գիտակցութիւնէ եւ հայրենասիրութիւնէ զուրկ վաշխառուներու, հայրենիքը անձնական ագարակի նման շահագործող չարչիներու, հարստացնելով զանոնք ի հեճուկս ժողովուրդի վճռակամութեան մաշումին եւ անոնց յոյսերու եւ երազներու մարումին: Այլապէս ի՞նչպէս բացատրել Սարտարապատի խոյանքէն Կարսի յանձնումին գահավիժումը եւ կամ Շուշիի եւ Քելբաջարի սլացքէն այսօրուան անփառունակ իրավիճակին անկումը, որ դեռ կը գահավիժի: «Երբ չի մնում ելք ու ճառ, խենթերն են գտնում հնար». իսկ պատեհապաշտ ու վաշխառու չարչիներն ալ «խենթերուն» գտած հնարը մսխելով, առիթը չեն ստեղծեր քար քարի վրայ դնելով բարգաւաճելու, ստուարանալու եւ մեծ ուժ դառնալու: Այսպիսով գոյութիւն մը քարշ կու տանք մինչեւ յաջորդ ծիրը (cycle):

Հաւանաբար այսպէս պէտք է բացատրել նաեւ Լորտ Պայրընի հմայուիլը հայութեամբ, մեր մէջ մտնելը, հայերէն սորվիլը ու ժամանակ մը ետք, իր սերնդակից հայերը արժանի չգտնելով հայոց նախնիքին, հեռանալն ու Յոյներու ազատագրական պայքարին նուիրուիլը: Պայրընը օտար իտէալիստ մըն էր. մեր մէջ մտաւ, չկրցանք պահել, յուսախաբ հեռացաւ: Արդեօ՞ք մեր տկար ու սակաւաթիւ մնալուն գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ չարչի պատեհապաշտներու պատճառաւ  յուսախաբ եղած հայերու, անտարբեր ու կրաւորական դարձած հայերու հայութիւնէ հեռացումն է:

Կը գիտակցի՞նք արդեօք, որ այս ընթացքով Արցախեան հերոսամարտն ալ կրնայ յանգիլ նոր Կարսեան խայտառակութեան:

Մտածենք ու գտնենք հնարը փոխելու այս ընթացքը:

Ծ.Խ. Փափաքելի է, որ ստորեւ արտայայտուած մտքերը դառնան աւելի լայն քննարկման առարկայ: Հետեւաբար կը սպասենք մեր ընթերցողներուն մեկնաբանութեանց:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Sign Up for Our Newsletters

Get notified of the latest updates from MassisPost.

You May Also Like

Talking About a Trump-Pashinyan Meeting is Pointless

Prime Minister Nikol Pashinyan will visit the United States next week to…

Turkey Prepares Invasion Into Nagorno Karabakh

By David Matevosian Since world leaders are busy with the desperate struggle of…

The Constitutional Court of Armenia Is in Disarray

The crisis surrounding the Constitutional Court of Armenia continues to be the…

No to the Anti-Defamation League in Glendale and Elsewhere

You may recall the national and international firestorm that broke out in…