9 Օգոստոս 2012ին, Լոս Անճելըսի մէջ կազմուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնը պիտի ըլլայ համադրել եւ ղեկավարել 24 Ապրիլ 2015թ-ի, ԱՄՆի արեւմտեան ափի վրայ կազմակերպուելիք Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած ոգեկոչման ձեռնարկները:
Յանձնախումբի կազմութիւնը արդիւնքն էր համայնքային խորհրդակցութիւններուն, զոր կատարուեցան շրջանէն ներս գործող հայկական մեծաոյն կառոյցներու ղեկավարներուն հետ: Խիստ էական նկատուող այս յանձնախումբը, միացեալ ռազմավարական ծրագրի մը տակ պիտի կեդրոնացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու կազմակերպական ջանքերը:
Յանձնախումբի մէջ ընդգրկուած են.
• Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղցւոյ ԱՄՆի Արեւմտեան Թեմը,
• Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղցւոյ Կիլիկիոյ Թեմը,
• Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին,
• Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութիւնը,
• Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը (ԱՄՆի Արեւմտեան շրջան),
• Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը,
• Սոցիալ-Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը,
• Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (ԱՄՆի Արեւմտեան շրջան),
• Հայ Օգնութեան Միութիւնը (ԱՄՆի Արեւմտեան շրջան),
• Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը (ԱՄՆի Արեւմտեան շրջան),,
• Հայ Ամերիկեան Խորհուրդը,
• Հայ Դատի Յանձնախումբը (ԱՄՆի Արեւմտեան շրջան),
• Ամերիկայի Հայ Իրաւանց Խորհուրդը,
• Ամերիկայի Հայկական Համագումարը,
• Հարաւային Քալիֆորնիոյ Համալսարանի Հայկական Ուսումնասիրութիւններու Հիմնարկութիւնը:
Յանձնախումբը պիտի համադրէ նաեւ շրջանի մարմիններու գործունէութիւնը, խրախուսէ անոնց նախաձեռնութիւնները, ինչպէս նաեւ պիտի գործակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի Ոգեկոչման ձեռնարկները համակարգող պետական մարմնի եւ Սփիւռքի նոյնանման կառոյցներուն հետ:
WASHINGTON, DC -- Democratic Rep. Henry Cuellar of Texas and his wife have been charged…
BURBANK -- The Western Diocese of the Armenian Church of North America has announced the…
PARIS -- Armenia ranks 43rd (up from 49th last year) in the 2024 World Press Freedom…
ATWATER VILLAGE, CA. - On April 28, 2024, the Med-Aid Armenia 2nd Annual Fundraiser was…
YEREVAN -- Armenian Defense Minister Suren Papikyan and U.S. Ambassador to Armenia Kristina Kvien signed…
WASHINGTON, DC -- US Secretary of State Antony Blinken is personally deeply engaged on the…