ԸՆԿ. ՀԱՄԲԻԿ ՍԱՐԱՖԵԱՆի ԵԼՈՅԹԸ
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան կողմէ խօսք առնելով Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ընկ. Տօքթ. Համբիկ Սարաֆեան ըսաւ.
“Վեց տարիներ առաջ, մութ ուժերու կողմէ Լիբանանի դէմ սանձազերծուած սարսափի ալիքին զոհը դարձան Վարչապետ Ռաֆիք Հարիրին եւ իր գործընկերները: Արդարեւ, ահաբեկելով առաջնորդին, այդ ուժերը կ’ակնկալէին, որ սպաննած պիտի ըլլան նաեւ անոր` իրապէս ազատ, անկախ ու բարգաւաճ Լիբանանի մը տեսլականը: Սակայն, անոնք չհասկցան ու չըմբռնեցին, որ այդ տեսլականը, սոսկ անհատի մը չէր պատկանէր, այլ իւրաքանչիւր ազատատենչ Լիբանանցիի երազն էր:
Փորձեցին երազը սպաննել, փոխարէնը ստանալով Մայրիներու յեղափոխութիւնը:
Ճակատագրական է պահը այսօր Լիբանանի մէջ, ուր յստակ բաժանում կայ կողմերու միջեւ: Մէկը կը մերժէ արդարութիւնն ու երկրի անկախութիւնը ստորադասել, շինծու միասնականութեան ու անդորրութեան, իսկ միւսը ամէն ջանք կը գործադրէ ուրանալու արդարութիւնը եւ պատրաստ է ծառայելու իր օտար տէրերուն:
Այսօր, երբ ականատես կ’ըլլանք թէ ինչպէս մէկը միւսի ետեւէն արաբական երկիրներու մէջ ժողովուրդը կը ծառանայ երկարամեայ բռնատիրութեան, ճնշումներու եւ կաշառակերութեան դէմ, կարելի չէ թոյլ տալ, որ արաբական աշխարհի ժողովրդավարութեան ջահը հանդիսացող Լիբանանը` դառնայ արբանեակ նահանգը կրօնապետութեան մը, որ նոյնքան բռնատէր ու յետադիմական է, որքան յաջորդաբար երկրագունդի երեսէն վերացող այդ վարչակարգերը:
Ճշմարտութիւնն ու Արդարութիւնը ամէն բանէ վեր են եւ չեն կրնար ենթակայ ըլլալ քաղաքական շահարկումներու: Եթէ արդարութիւնը չյաղթանակէ, ապա անոնք, որոնք սպաննեցին Ռաֆիք Հարիրին, նոյն ընթացքով պիտի շարունակեն ու ի զուր հոսած պիտի ըլլայ հերոսներու արիւնը: Արդարութիւնը քննարկման ենթակայ չէ:
Արդարութիւնը չի կրնար արծարծուիլ կլոր սեղաններու շուրջ, կամ փակ դռներու ետին: Արդարութեան բացայայտման միակ վայրը դատարանն է, ուր մեղադրեալը կատարեալ իրաւունքը ունի ինքզինք պաշտպանելու: Հետեւաբար, կը դատապարտենք Միջազգային դատարանը վարկաբեկելու ամէն մէկ փորձ որ կը միտի խափանելու ճշմարտութիւնը:
Առ այդ` Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, Մարտ 14-ի համախմբման զինակիցներուն հետ միատեղ, կը շարունակէ պայքարիլ յանուն արդարութեան, առանց ընկրկելու, անվարան եւ այն յստակ համոզումով, որ պիտի գայ այն օրը, երբ Լիբանան կրկին պիտի յայտնուի ժողովրդավարութեան, ազատութեան եւ բարգաւաճման ուղիին վրայ”:
ԺԱՆ ՕՂԱՍԱԲԵԱՆԻ ԵԼՈՅԹԸ
Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ եւ պետական նախարար` Ժան Օղասաբեան: Ան նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց որ այս երկրորդ անգամն ըլլալով կը գտնուի Լոս Անճելըս, ոգեկոչելու մեծ նահատակի յիշատակը: Այնուհետեւ համապարփակ վերլուծականն ընելով շրջանի քաղաքական կացութեան Ժան Օղասաբեան յարեց. “Լիբանան անկախութեան խորհրդանիշն էր: Ջահը տակաւին բոցավառ կը մնայ: Իսկ մենք կը մնանք մեր ուխտին վրայ եւ նահանջ չենք ճանչնար…: Մեր երթը կը շարունակուի”:
“Հակառակորդներուն նպատակն է դիմափոխել Լիբանանը եւ զայն վերածել կղզիացած երկրի մը¿ այլ խօսքով նահանգային շրջանի մը”:
Խօսելով միջազգային ատեանի մասին յարգելի բանախօսը ըսաւ թէ ատիկա հանգրուան մըն է սահմանափակելու ոճիրները եւ շեշտեց որ արդարութիւնը պէտք է յաղթանակէ:
Գալով բնակչութեան մէկ մասին առատօրէն զէնք ստանալուն` Օղասաբեանն ընդգծեց. “Չենք ուզեր ոչ մէկ զէնք ու զինամթերք, բացի` Լիբանանեան զէնքէն: Այլապէս ամէն ինչ ապօրինի կը նկատուի”:
Լիբանանի նոր դահլիճի կազմութեան խոչընդոտներուն մասին անդրադառնալով յարեց. “Ներկայիս կը պատրաստուի սեւ յեղափոխութիւն մը մութ ուժերու կողմէ արգելք հանդիսանալու նոր կառավարութեան կազմութեան ու դեմոկրատական ազատութեանց”:
“Կեղծ վկաներու թղթածրար”-ի հարցին մասին իր տեսակէտը յայտնելով ըսաւ թէ ատիկա կը նպատակադրէ վիժեցնել միջազգային ատեանի որոշումները:
Եզրափակելով իր ելոյթը Պր. Ժ. Օղասաբեան աւելցուց հետեւեալը “Վերադարձ Մարտ 14ի սկզբունքներուն եւ արմատներուն եւ դեմոկրատական կանոններուն”:
Ո’չ ահաբեկչութիւններուն: Չենք լքեր Թաէֆի սկզբունքները:
Ո’չ ապօրէն զէնքերուն: Այո° Լիբանանեան բանակի զէնքերուն:
ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ
Նոյն օրը երեկոյան, նախարար Ժան Օղասաբեան այցելեց Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Փասատինայի կեդրոնը, ուր դիմաւորուեցաւ Կեդրոնական վարչութեան եւ Վարիչ Մարմինի անդամներուն կողմէ: Ներկայ էին նաեւ Կուսակցութեան հովանաւորութեան տակ գործող տարբեր միաւորներու ներկայացուցիչները:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի ատենապետ Ընկ. Վազգէն Խոտանեան, յայտնելով թէ հպարտ ենք Լիբանանի քաղաքական թատերաբեմին վրայ նախարար Օղասաբեանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեամբ:
Իր պատասխան ելոյթին մէջ հայազգի նախարարը անդրադարձաւ Հնչակեան Կուսակցութեան հետ իր ունեցած սերտ յարաբերութեան` օգուտ Լիբանանահայութեան եւ ամբողջ Լիբանանին:
Յայտնենք որ, Շաբաթ Փետրուարի 26-ին Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմնի պատուիրակութիւնը այցելած էր Պետական նախարար եւ Խորհրդարանի անդամ Ժան Օղասաբեանին:
Սոյն հանդիպման ընթացքին յարգարժան նախարարը շահեկան տեղեկութիւններ տուաւ Լիբանանի եւ տարածաշրջանի քաղաքական յարափոփոխ իրավիճակի, Լիբանանի Դահլիճի կազմութեան դժուարութիւններուն եւ հայ գաղութի այժմու իրավիճակի մասին:
WASHINGTON, DC -- Democratic Rep. Henry Cuellar of Texas and his wife have been charged…
BURBANK -- The Western Diocese of the Armenian Church of North America has announced the…
PARIS -- Armenia ranks 43rd (up from 49th last year) in the 2024 World Press Freedom…
ATWATER VILLAGE, CA. - On April 28, 2024, the Med-Aid Armenia 2nd Annual Fundraiser was…
YEREVAN -- Armenian Defense Minister Suren Papikyan and U.S. Ambassador to Armenia Kristina Kvien signed…
WASHINGTON, DC -- US Secretary of State Antony Blinken is personally deeply engaged on the…