«Կ’ապրենք, կը տեսնենք»,- այսպէս արձագանգած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Եւրասիական Տնտեսական Միութեան անդամ չորս երկիրներու պատրաստած զեկոյցին։
Զեկոյցը՝ Հայաստանի նկատմամբ ԵԱՏՄ պայմանագրի գործողութեան հնարաւոր կասեցման պարագային կը կանխատեսուի ՀՆԱ-ի 15,6 տոկոսով անկում եւ կազի գինի 69 տոկոսով աճ։ Հոկտեմբեր 22-ին կառավարութեան մէջ ճեպազրոյցի ժամանակ վարչապետը յայտնած է, որ այդ կանխատեսումներուն վերաբերեալ իր նախապէս արտայայտած դիրքորոշումը չէ փոխուած։
Հոկտեմբեր 20-ին Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդին մէջ Ռուսաստանի, Պելառուսիոյ, Ղազախստանի եւ Ղրղզստանի ներկայացուցիչները ներկայացուցած էին Հայաստանի նկատմամբ ԵԱՏՄ պայմանագրի գործողութեան հնարաւոր կասեցման տնտեսական եւ իրաւական հետեւանքներուն վերաբերեալ զեկոյցը։
Փաշինեան միաժամանակ պնդած է, որ ԵԱՏՄ անդամ երկիրները կազմակերպութենէն Հայաստանին հեռացնելու իրաւական հնարաւորութիւն չունին՝ ի տարբերութիւն Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ)։
«Հաշուի առնելով, որ երկրները, ըստ էութեան, համընկնում են ԵԱՏՄ-ում եւ ՀԱՊԿ-ում, հետաքրքիր է՝ ինչո՞ւ, օրինակ, ՀԱՊԿ-ից Հայաստանին չեն հեռացնում, որովհետեւ այնտեղ կանոնադրային հնարաւորութիւնը կայ»,- ըսած է վարչապետը։
Հայաստանը 2024-ի Փետրուարէն յայտարարած է ՀԱՊԿ-ին իր մասնակցութիւնը սառեցնելու մասին։
Փաշինեան վերահաստատած է, որ կառավարութեան հիմնական առաջնահերթութիւններն են երկրի շարունակական զարգացումը, անկախութեան ու ինքնիշխանութեան պաշտպանութիւնը եւ արտաքին յարաբերութիւններու բազմազանեցումը։
Փաշինեան պնդած է, որ Հայաստանի նկատմամբ նախորդ տարիներուն կիրառուած սահմանափակումները չեն յանգեցուցած այն տնտեսական եւ քաղաքական հետեւանքներուն, որոնց, իր գնահատմամբ, ձգտած են որոշ շրջանակներ Հայաստանի եւ արտերկրի մէջ։
Անոր խօսքով՝ այժմ փորձ կը կատարուի ԵԱՏՄ-ի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը օգտագործել Հայաստանի մէջ ներքաղաքական անկայունութիւն յառաջացնելու նպատակով։
Վարչապետը յայտնած է, որ նման փորձեր վերջին երեք տարիներուն արդէն երկու անգամ եղած են, իսկ այժմ, իր գնահատմամբ, կը նախապատրաստուի երրորդը։
Որպէս առաջին դէպք, Փաշինեան մատնանշած է 2023-ի իրադարձութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, պնդելով որ ռուս խաղաղապահներու ներկայութեան պայմաններուն մէջ մարդոց հոսքը դէպի Հայաստան ուղղորդելուն զուգահեռ հնչած
են քաղաքական իշխանութիւնը փոխելու կոչեր։
Երկրորդ դէպքը, ըստ վարչապետին, 2026-ի Յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններն էին։
«Այդ մի փորձն էլ չստացուեց, հիմա երրորդ փորձն է, ըստ էութեան, նախապատրաստւում»,- յայտնած է Փաշինեան։
«Այստեղ տնտեսական բաղադրիչը չկայ, ըստ էութեան, այստեղ քաղաքական բաղադրիչի հետ գործ ունենք, եւ նպատակը Հայաստանում ներքաղաքական անկայունութիւն հրահրելն է եւ արդիւնքում Հայաստանի պետութեան նկատմամբ
վերահսկողութիւն սահմանելը»,- ըսած է Փաշինեան։
Անոր գնահատմամբ՝ այդ գործողութիւններու վերջնական նպատակը Հայաստանին սկիզբը փաստացի, ապա նաեւ իրաւական առումով անկախութենէն զրկելն է։
Վարչապետը միաժամանակ համոզմունք յայտնած է, որ Հայաստանի պետութիւնը ունի բաւարար դիմակայունութիւն՝ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարելու համար։

