Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ 2026թ. Յունիս 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Պատմաքաղաքական Յեղափոխութիւն. Վարչապետը 65 Տոկոսի Նշաձող Սահմանած Է

2026թ. Յունիս 7-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Տեղի Պիտի Ունենայ Պատմաքաղաքական Յեղափոխութիւն. Վարչապետը 65 Տոկոսի Նշաձող Սահմանած Է

by MassisPost

Յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններու բերումով պիտի ըլլայ «Յեղափոխութիւն 3»։ Այս մասին յայնեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Կիւմրիի մէջ ներկուսակցական քարոզարշաւի հաւաքի ընթացքին իր ելոյթին ժամանակ։

«Մենք 2018 թուականին ընտրութիւններով արել ենք ներքաղաքական յեղափոխութիւն, 2021 թուականի ընտրութիւններում ժողովուրդը մեզ առաջնորդել է դէպի ընկերա-հոգեբանական եւ մտածողութեան յեղափոխութիւն, 2026 թուականի Յունիսի 7-ի ընտրութիւններում մենք հասնելու ենք պատմաքաղաքական յեղափոխութեան, որը մեզ՝ Հայաստանի ժողովրդին, եոլա գնալու, գոյատեւման քաղաքականութեան շրջանակից դուրս է բերելու եւ դնի զարգացման յարատեւ պետութեան օրակարգի գծերի վրայ»,- նշեց Հայաստանի վարչապետը։

Նիկոլ Փաշինեան վստահեցուց, որ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններէն շատ չանցած Կիւմրիի մէջ պիտի ըլլայ «Կիւմրի 1»․ «Մենք մոռանում ենք, որ Կիւմրիում յեղափոխութիւն տեղի չի ունեցել, Կիւմրին յեղափոխական իշխանութիւն չի ունեցել եւ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններից շատ չանցած Կիւմրիում լինելու է «Կիւմրի 1»։

Վարչապետը արձանագրեց, որ Յունիս 7-ի ընտրութիւններուն Հայաստանին եւ Հայաստանի ժողովուրդին պէտք է ոչ թէ պարզապէս յաղթանակ, այլ, որ խաղաղութեան խումբը ստանայ բացարձակ սահմանադրական մեծամասնութիւն։

«Մեր նշաձողը 65%-ն է այս ընտրութիւններում: Բայց մի շատ կարեւոր արձանագրում ենք արել. շատ լաւ է, որ ժողովուրդը մեզ տալիս է այդ վստահութիւնը, բայց մենք երբեք ոչ մի վայրկեան չպէտք է մեր զգօնութիւնը թուլացնենք: Մեզ ասելով՝ նկատի ունեմ ոչ միայն մեր կուսակցական ընկերներին, այլեւ` մեր ընտրողներին, մեր ժողովրդին։ 2026թ. Յունիսի 7-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնում տեղի է ունենալու պատմաքաղաքական յեղափոխութիւն։  Եւ այդ յեղափոխութիւնն անելու  որոշում պէտք է կայացնի միայն մէկ մարդ` եւ այդ մէկ մարդը դու ես»,- եզրափակեց Նիկոլ Փաշինեան՝ շեշտելով, որ բոլորը պէտք է երթան ընտրատեղամաս եւ տէր կանգնին խաղաղութեան, անկախութեան, պետութեան ու նահատակներու զոհողութիւններուն։

Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան խումբ մը անդամներու հետ, Մարտ 7-ին այցելած է Արագածոտնի եւ Շիրակի մարզեր, ուր բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է տարբեր բնակավայրերու քաղաքացիներու հետ։

ՀՀ վարչապետը կանգառներ կատարած է Արագածոտնի մարզի Աշտարակ, Թալին քաղաքներուն մէջ, Շիրակի մարզի Մարալիկ, Պեմզաշէն, Արթիկ համայնքներուն մէջ։ Նաեւ՝ Կիւմրի քաղաքին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment