Նախնական արդիւնքներով՝ աւելի քան 340 հազար ձայն ստացած «Ուժեղ Հայաստանի» ցուցակը գլխաւորող Նարեկ Կարապետեանը խոստացաւ յառաջիկային ներկայացնել իրենց գնահատականներն ու ընելիքները:
«Մենք էլ հանդէս կու գանք աւելի խորքային յայտարարութեամբ, երբ որ իրապէս աւարտվծ լինեն հաշուետուութիւնները եւ հաշուարկները»,- ըսաւ ան:
Իր առանձնատունէն կատարած յայտարարութեան մէջ, միլիառատէր գործարար Սամուէլ Կարապետեան տեղի ունեցած ընտրութիւնները «խայտառակութիւն» որակեց, նշելով որ անցեալ մէկ ամսուան մէջ ենթարկուած են հալածանքներու եւ բռնութիւններու: Կարապետեան նշեց, որ իր խմբակիցներէն 70-ը կալանաւորուած է, 700-էն աւելի մարդ ձերբակալուած:
«Որոշեցին ընտրութիւն օրը անհասկանալի գործերով զբաղուել, նոյնիսկ աշխարհի պատմութեան մէջ չի եղել դէպք, երբ հաշուարկի ժամանակ ընդհատում են ու ասում են՝ մենք առաւօտեան 9-ին կը ներկայացնենք արդիւնքները: Տեսնելով,
որ խայտառակ ձեւի իրենց արդիւնքները ամէն րոպէ նուազում են, կանգնեցրին հաշուարկը»,- ընդգծեց Սամուէլ Կարապետեան:
Ան իշխանութիւնները մեղադրեց ընտրակեղծիքներ ընելու մէջ, բայց չյստակացուց, թէ ուր եւ ինչ խախտումներ արձանագրած են. «Հէնց սկսուեց քաղաքների արդիւնքները, իրենք սկսեցին շատ մեծ թափով նուազել, դրա համար անցան յատուկ գործողութիւնների: Մենք նոյնիսկ պատկերացում չունենք՝ ինչ գործողութիւնների, դրա համար ես ուզեցի տեղեակ պահեմ, որ ապօրինութիւնները շարունակւում են»:
«Ուժեղ Հայաստան»-էն յետոյ ընդդիմադիր ուժերէն ամենաշատ ձայները ստացած է 2-րդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի առաջնորդած «Հայաստան» դաշինքը, աւելի քան 145 հազար ձայն:
Քոչարեանի խումբն ալ առ այս պահը չէ յստակացուցած՝ արդեօք պիտի վերցնե՞ն իրենց մանտաթները, թէ՞ այլ ծրագրեր ունին: «Հայաստան» դաշինքէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, թէ քննարկումներու մէջ են եւ իրենց ընելիքներուն ու մօտեցումներուն վերաբերեալ յառաջիկային հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ:
Աւելի վիճայարոյց իրավիճակի մէջ յայտնուած է ամենաշատ ձայն ստացած 3-րդ ընդդիմադիր ուժը՝ ԲՀԿ-ն: Գագիկ Ծառուկեանի ուժը թէեւ ԿԸՅ տուեալներով առաւօտեան յաղթահարած էր էր անցողիկ 4 տոկոսնոց շեմը, սակայն ժամեր անց ընտրական յանձնաժողովը յայտարարեց, թէ ԲՀԿ ձայները նուազած են՝ կազմելով 3,996 տոկոս:

