Ձերբակալուած են Վանաձորի նախկին քաղաքապետ Սամուէլ Դարբինեանը, անոր եղբայրն ու եւս երկու հոգի: Քննչական կոմիտէէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ անոնք կը մեղադրուին առանձնապէս մեծ չափերով դրամի լուացման համար: Իրաւապահ մարմինը առայժմ այլ մանրամասնութիւններ չէ բացայայտած:
«Ազատութեան» տեղեկութիւններով Դարբինեան եղբայրներէն բացի, միւս երկու ձերբակալուածները անոնց ընտանիքին պատկանող շինարարական ընկերութեան աշխատակիցներ են: Կ’ենթադրուի, որ դրամի լուացումը կ’առնչուի անոնց շինարարական կազմակերպութիւններուն, որոնք անցած տարիներուն Լոռիի մարզին մէջ աշխուժօրէն մասնակցած են պետական ու համայնքային միջոցներով տեղի ունեցող շինարարական մրցոյթներուն ու քանի մը միլիառ դրամի շինարարութիւն իրականացուցած, այդ շարքին՝ համայնքային ու միջպետական ճանապարհներ, մանկապարտէզներ, դպրոցներ:
Պարզ չէ, թէ նախկին համայնքապետը կ’ընդունի՞ իրեն վերագրուող մեղադրանքը, թէ՞ ոչ:
17 տարի՝ մինչեւ 2016 թուական Վանաձորը ղեկավարած, հանրապետական Սամուէլ Դարբինեանի նկատմամբ յեղափոխութենէն յետոյ բազմաթիւ քրէական գործեր յարուցուած են: Ան մեղադրուած է իր պաշտօնավարման տարիներուն համայնքային գոյքը աժան գիներով ու ապօրինի իր ընտանիքին սեփականութիւնը դարձնելու, քաղաքին մէջ վատորակ շինարարութիւն թոյլ տալու ու նաեւ իւրացումներու համար, բայց որեւէ գործով ան մեղաւոր չէ ճանչցուած, պատիժ չէ կրած: Նախկին պաշտօնեան որեւէ օր ճաղերու ետին չէ անցուցած:
Այդ վարոյթներուն մէկ մասը նախաքննութեան ընթացքին կարճուած են, մէկ մասն ալ՝ դատարանն են՝ վաղեմութեան ժամկէտը անցնելու հիմքով:
Ամբողջ քրէական հետապնդման ընթացքում նախկին քաղաքապետը պնդած է, թէ իր դէմ գործերը կեղծ են, եւ որ ինք իր 17 տարուայ պաշտօնավարման ընթացքին որեւէ խախտում թոյլ չէ տուած ու շարունակած է միլիոնաւոր դրամներու շինարարական ծրագրեր ընել մարզին մէջ:
Նախկին բոլոր քրէական վարոյթներու փակումէն յետոյ, անցեալ տարեվերջին, դատախազութիւնը Հակափտածութեան դատարան ապօրինի գոյքի բռնագանձման հայց ներկայացուց, որուն քննութիւնը դեռ չէ աւարտած: Վերջին դատական նիստը տեղի ունեցած է երեք օր առաջ, բայց Դատական տեղեկատուական համակարգին մէջ գործի վերաբերեալ շատ մանրամասնութիւններ չկան, մինչեւ օրս քանի մը նախնական նիստ կայացած է միայն:
Աւելի վաղ, Դատախազութենէն «Ազատութեան» յայտնած են, որ դատարանէն պահանջած են նախկին քաղաքապետէն բռնագանձել 7 անշարժ գոյք, մէկ փոխադրամիջոց, երկու ընկերութեան մէջ ունեցած բաժնեմաս, մէկ շուկայական ընկերութեան մէջ ունեցած բաժնեմասի շուկայական արժէքը եւ 165 միլիոն դրամ՝ որպէս ապօրինի եկամուտ եւ օրինական եկամուտներով չհիմնաւորուող, այլ անձերէ փոխանցուած դրամական միջոցներ:
Սամուէլ Դարբինեան իր քաղաքապետ եղած տարիներուն եղած է Հանրապետական կուսակցութեան անդամ, ղեկավարած է կուսակցութեան տեղի կառոյցը: Անոր պաշտօնավարման ընթացքին քաղաքին արդէն չգործող մանկապարտէզներէն մէկը սեփականութեան իրաւունքով տուած է իր հարազատ կուսակցութեան:
Դարբինեանը Վանաձորի 2021-ի տեղական ընտրութիւններուն չէ մասնակցած, նաեւ որեւէ ուժի բացայայտ չէ աջակցած, բայց նոյն թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն աշխուժօրէն կը քարոզէր երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի խումբի օգտին, մշտապէս անոր նախընտրական շտաբին մէջ էր ու կը մասնակցէր նախընտրական հանրահաւաքներուն։
Յայտնի չէ՝ արդեօք նախկին քաղաքապետն ու ընտանիքը ներգրաւուա՞ծ են վերջին քաղաքական իրադարձութիւններուն մէջ, թէ՞ ոչ: