ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ վիզայի ազատականացման շուրջ երկխօսութիւնը աշխոյժ փուլի մէջ է։
ԵՄ-Հայաստան քաղաքացիական հասարակութեան հարթակի շրջանակներուն մէջ կազմակերպուած քննարկման ժամանակ այս մասին յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դեսպան Վասիլիս Մարակոսը։
Անոր խօսքով՝ սա համագործակցութեան նոր ուղղութիւններէն է, որ ամրագրուած է նաև ԵՄ-Հայաստան համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան (CEPA) համաձայնագրին մէջ։
«Շատ կարեւոր է, որ անցեալ տարուայ Յուլիսին մենք որոշեցինք յառաջ շարժիլ այս երկխօսութեան ուղղութեամբ։ Աշխատանքները կը շարունակուին»,- նշած է Մարակոս։
ԵՄ դեսպանը տեղեկացուցած է, որ այս պահուն կ’իրականացուի յստակ աշխատանք Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ՝ վիզայի ազատականացման գործողութիւններու ծրագրի նախապատրաստման ուղղութեամբ։ Այդ ծրագիրը կոչուած է ուղղորդելու ոլորտային բարեփոխումները։