«Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» ընկերութեան պետականացման ծրագիրը պատրաստ է։ Շատ շուտով կը մտնենք գործնական փուլ։ Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Ֆէյսպուքի իր էջով կատարած գրառման միջոցով:
«Գործընթացները տեղի կ’ունենան Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնսդրութեանը համապատասխան»,- նշուած է գրառման մէջ:
Աւելի վաղ, ՀՀ վարչապետը մէկ այլ գրառմամբ կարծիք յայտնած էր, որ հասունցած է «Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցեր» ընկերութիւնը պետականացնելու պահը:
Նշենք, որ 2015 թուականի Հոկտեմբերէն «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը «Ինտեր ՌԱՕ» ընկերութենէն ձեռք բերած է ՀԵՑ-ը՝ ամբողջութեամբ իր վրայ վերցնելով ընկերութեան կառավարման պարտաւորութիւնը։