«Խաչատուր Սուքիասեանը որեւէ կապ չունի չունի եւ չի ունեցել ադամանդների առեւտուրով զբաղուող այդ կազմակերպութեան հետ»,- «Ազատութեան» փոխանցեց իշխանական պատգամաւոր Սուքիասեանի խօսնակ Աննա Մկրտչեանը՝ հերքելով Ռուսաստանի Անվտանգութեան Դաշնային Ծառայութեան հաղորդագրութիւնը:
Ռուսաստանի ԱԴԾ-ն յայտարարած է, թէ բացայայտուած է ադամանդներու մաքսանենգութեան դէպք, որ կազմակերպած են Հայաստանի քաղաքացիներ Բաղիկեան եղբայրները: Ըստ ԱԴԾ-ի՝ ռուսական «АЛРОСА» ընկերութենէն գողցուած ադամանդները տեղափոխուած են Հայաստան:
«Գողցուած ադամանդները ուղարկուած են Հայաստան՝ «էյ ԴԻ ԷՄ ԴԱՅՄՈՆԴՍ» ընկերութիւն, որու շահառուն հայազգի գործարար եւ պատգամաւոր Սուքիասեան Խ.-ն է»,- կը պնդէ ռուսաստանեան գերատեսչութիւնը:
Աննա Մկրտչեանը աւելի ուշ նաեւ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է՝ սա տեղեկատուական պատերազմ որակելով. «Սա հերթական կեղծ լուրն է, իրականութեան հետ ոչ մի աղերս չունի, ամբողջութեամբ յօրինուածք է: Սա նախորդ ապատեղեկատուութեան շարունակութիւնն է, թէ իբր Խաչատուր Սուքիասեանը ՀԵՑ-ը գնում է թուրքերին վաճառելու համար: Ձեռագիրը նոյնն է, կարծում եմ նմանատիպ լուրեր էլի կը լինեն: Կարելի է ասել տեղեկատուական պատերազմ է յայտարարուել: Դարձեալ կրկնում եմ՝ այս լուրը ապատեղեկատուութիւն է»:
Պետական արձանագրութեան տուեալներով՝ «էյ ԴԻ ԷՄ ԴԱՅՄՈՆԴՍ» ընկերութեան սեփականատէրերը 2017 թուականէն եղած են Ասպարիկ Բաղիկեանը եւ Մարինէ Բաղիկեանը: 2024-էն արդէն միակ բաժնետէրը Արթուր Մավրիկի Օհանջանեանն է: