Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՀՀ Սեփականութեան Իրաւունքը Վերականգնուած Է Երեւանի Հեռուստաաշտարակին Յարող Տարածքին Եւս Մէկ Հողամասին Նկատմամբ

ՀՀ Սեփականութեան Իրաւունքը Վերականգնուած Է Երեւանի Հեռուստաաշտարակին Յարող Տարածքին Եւս Մէկ Հողամասին Նկատմամբ

by MassisPost

2025 թուականի Յունիս 20-ին Հայաստանի Հանրապետութեան սեփականութեան իրաւունքը վերականգնուած է Երեւան քաղաքի Գ. Յովսէփեան փողոցի հեռուստաաշտարակին յարող տարածքի՝ 2 միլիոն 686 հազար տոլարին համարժէք 1 միլիառ 44 միլիոն դրամ շուկայականին մօտարկուած կադաստրային արժէքով, «բնակավայրերու» նպատակային նշանակութեան 17 հազար 730 քմ մակերեսով հողամասի նկատմամբ:

Յիշեցնենք, որ Գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութեան հերթական հայցադիմումը Հակափտածութեան դատարանի 2025 թուականի Մայիս 8-ի վճռով բաւարարուած էր:

Գլխաւոր դատախազութեան Պետական շահերու պաշտպանութեան վարչութիւնը հայցապահանջով խնդրած էր դատարանին անվաւեր ճանչնալ Երեւանի քաղաքապետի եւ ֆիզիքական անձի միջեւ 2005 թուականի Ապրիլ 13-ին կնքուած առուվաճառքի պայմանագիրն ու անոր հիման վրայ անշարժ գոյքի նկատմամբ կատարուած սեփականութեան իրաւունքի պետական գրանցումը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment