Պաքուի դատարանը 15 տարուայ բանտարկութեան դատապարտած է ատրպէյճանցի ընդդիմադիր աքթիվիսթ, հետազօտող Պահրուզ Սամետովը։ Ատրպէյճանական դատարանը զայն մեղաւոր ճանչցած է Հայաստանի օգտին լրտեսութեան համար։ Սամետով ներկայացուած մեղադրանքը չէ ընդունած։
Ատրպէյճանցի աքթիվիսթը ձերբակալուած էր նախորդ տարուայ Օգոստոսին։ Մինչեւ բանտին մէջ յայտնուիլը Սամետովը շարունակաբար հանդէս կու գար Հայաստանի հետ խաղաղութեան հաստատման դիրքերէն։
Պահրուզ Սամետովի հարազատները կը նշեն, որ նախորդ շաբաթ ան փորձած էր ինքնասպան ըլլալ։ «Այդ փորձը, սակայն, կանխուած էր խցակիցներուն կողմէ»,- կը հաղորդէ ընդդիմադիր Meydan TV կայքը։