Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սթամպուլի մէջ հանդիպում ունեցած է տեղի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։
Վարչապետը իր խօսքին մէջ կարեւորած է Թուրքիա կատարած աշխատանքային այցը՝ ընդգծելով, որ այն իրականութիւն դարձած է վերջին շրջանին Թուրքիոյ հետ աշխուժացած երկխօսութեան շնորհիւ։ Ան նշած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ նախատեսուած հանդիպման կարեւորութիւնը՝ յոյս յայտնելով, որ այն նոր ազդակ պիտի հաղորդէ երկկողմ յարաբերութիւններուն։
Երկրի ղեկավարին խօսքով՝ այցի հիմքին ինկած են Հայաստան-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւնները, իսկ ընթացող գործընթացը յարաբերութիւններ հաստատելու օրակարգ է, որ կը բխի երկու երկիրներու շահերէն։ Միաժամանակ, վարչապետ Փաշինեան շեշտած է Թուրքիոյ հայ համայնքին դերը՝ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման եւ երկխօսութեան խորացման գործընթացին մէջ։
Վարչապետը պատասխանած է հանդիպման մասնակիցներու հարցումներուն, որոնք վերաբերած են այս այցին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած քայլերուն, տարածաշրջանային զարգացումներուն, «իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան եւ շարք մը այլ թեմաներու։