Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Դուրս Կու Գայ Ֆրանսայի Հայկական Միութիւններն Ու Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդէն՝ (CCAF)

ՍԴՀԿ Դուրս Կու Գայ Ֆրանսայի Հայկական Միութիւններն Ու Կազմակերպութիւնները Համակարգող Խորհուրդէն՝ (CCAF)

by MassisPost

Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան  Ֆրանսայի Վարիչ Մարմինը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը կը տեղեկացնէ, որ քաշուած է Ֆրան­սա­յի Հայ­կա­կան միու­թիւն­ներն ու կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը հա­մակար­գող խոր­հուրդէն՝ CCAF-էն:

Կուսակցութեան  յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

« Նախ եւ առաջ կը նկա­տենք հա­ւասար ներ­կա­յացուցչու­թեան բա­ցակա­յու­թիւն՝ ան­հատնե­րու եւ ան­հա­տական նա­խաձեռ­նութիւննե­րու՝ շրջա­նային  մա­կար­դա­կի վրայ, հոն ուր միու­թե­նական աշ­խա­տան­քը ամե­նաար­դիւնա­ւէտն է:

«Երկրորդ, կը դա­տապար­տենք պաշ­տօ­նի ան­սահմա­նափակ կու­տակման ան­փո­փոխու­թիւնը, որ թոյլ կու տայ քա­նի մը պա­տաս­խա­նատուի ան­վերջօ­րէն կառ­չած մնալ որո­շումներ կա­յաց­նո­ղի դիր­քե­րուն: Իշ­խա­նու­թեան նման առե­ւան­գում կը հա­կասէ վե­րանո­րոգ­ման հիմ­նա­կան պա­հան­ջին եւ կ՚ամ­րապնդէ դիր­քը ղե­կավա­րու­թեան մը, որ կը հա­կազ­դէ դոյզն փո­փոխու­թեան փոր­ձի, խա­փանե­լով վե­րա­նո­րոգ­ման որե­ւէ հե­ռան­կար, որ անհրա­ժեշտ է առողջ կազ­մա­կեր­պու­թեան մը հա­մար:

«Բա­ցի ատ­կէ, CCAF կը յա­ւակ­նի այնպի­սի ներ­կա­յացուցչու­թեան մը, որ դուրս կը մնայ իր իրա­կան սահ­մաննե­րէն: Ան իրա­ւասու­թիւնն ու­նի ար­տա­յայ­տուելու մի՛այն իր ան­դամնե­րուն անու­նով եւ սահ­մա­նափակ տա­րած­քի մը մէջ: Յա­ւակ­նիլ ամ­բողջ հայ­կա­կան գա­ղու­թին ներ­կա­յացուցչու­թեան՝ կը նշա­նակէ ինքն իրեն թոյլ տալ այնպի­սի օրի­նակա­նու­թիւն մը, որ գա­ղու­թը չէ պար­գե­ւած իրեն:

«Եւ վեր­ջա­պէս, մե­զի հա­մար անըն­դունե­լի է, որ նման կա­ռոյ­ցի ան­դամ մը իրա­ւազրկուի պաշտպա­նուե­լու հիմ­նա­կան կա­րելիու­թե­նէն, երբ ներ­քա­շուած է ան­հա­մաձայ­նութեան մը մէջ: Մեր­ժել լսել կողմ մը՝ կը նշա­նակէ անար­գել ար­դա­րու­թիւնը եւ ոտ­նա­կոխել թա­փանցկու­թեան սկզբունքը:

«Նկա­տի առ­նե­լով այս խո­տորումնե­րը, մե­զի հա­մար բա­րոյա­պէս անհնար է կա­պակ­ցուիլ նոյ­նանման հա­մակար­գի մը հետ, որուն կա­նոն­նե­րը կը հա­կասեն մեր ար­ժէքնե­րուն: Այ­սու, Սո­ցիալ Դե­մոկ­րատ Հնչա­կեան Կու­սակցու­թիւնը կը բաժ­նուի CCAF-էն»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment