Ձերբակալուած են «Սրբազան Պայքար» կոչուող նախաձեռնութեան շարք մը անդամներ:
Խուզարկութիւններ իրականացուած են նաեւ ՀՅԴ մարզային կառոյցներու մէջ։ Այս մասին կը գրեն լրատուամիջոցները:
Ի պատասխան լրատուամիջոցներու հարցումներուն՝ Ներքին գործերու նախարարութիւնը յայտնած է, որ ոստիկանութեան մօտ տուեալներ ստացուած են հասարակական կարգի խաթարման ուղղուած գործողութիւններու նախապատրաստման վերաբերեալ։
ՆԳՆ ոստիկանութիւնը կ’իրականացնէ ուժեղացուած ծառայութիւն, ինչի ծիրին մէջ կը ձեռնարկուին կանխարգելիչ-բացատրական աշխատանքներ։
Կոչ կ’ընեն պահպանելու հասարակական կարգը։ Որեւէ հակաօրինական դրսեւորում պիտի արժանանայ կոշտ հակազդման։