Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ռուսական «Մաթրյօշքա» Պոթերու Ցանցը Արշաւ Սկսած Է Փաշինեանի Դէմ. The Insider

Ռուսական «Մաթրյօշքա» Պոթերու Ցանցը Արշաւ Սկսած Է Փաշինեանի Դէմ. The Insider

by MassisPost

Հեղինակաւոր The Insider պարբերականի փոխանցմամբ՝ Քրեմլինի ազդեցութեան տակ գտնուող «Մաթրյօշքա» պոթերու ցանցը արշաւ սկսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ։

Յիշեալ պոթերու միջոցով Քրեմլինը կեղծ տեղեկութիւններ կը տարածէ, թե  իբրեւ Փաշինեանը Մերձաւոր Արեւելքի թիւ մէկ փտածն է, կը մեղադրեն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու մէջ, իսկ որոշները նաեւ կը պնդեն, թէ վարչապետը ուժեղ հանգստացնողներ կ’ընդունի: Տեղեկութիւնը The Insider-ին փոխանցած է X ընկերային կայքի ռուսական թրոլըրի գործարաններու հետազօտողը («Блокировщик ботов»)։

Պարբերականին փոխանցմամբ՝ պոթերը Փաշինեանի դէմ սկսած են աշխատել Յունիս 12-էն: Վարչապետը կը քննադատեն Twitter-ով եւ TikTok-ով: Անոնցմէ մի քանին նոյնիսկ ծածուկ կերպով կը ներկայացնեն իբրեւ թէ հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու տեսանիւթեր, ինչպիսիք են Euronews-ը կամ France 24-ը, որոշներն ալ կը տարածեն աշխարհի տարբեր համալսարաններու  «փրոֆէսորներու» հետ հարցազրոյցներ:

The Insider-ի փոխանցմամբ՝ պոթերու աշխուժութեան պատճառը կրնայ ըլլալ վարչապետ Փաշինեանի՝ Յունիս 20-ին Թուրքիա կատարելիք այցը: Պարբերականը այդ համոզման է, որովհետեւ ​​ որոշ տեսանիւթեր տարածուած են կեղծ թրքական լրատուամիջոցներու անունով: Յօդուածին հեղինակը նաեւ կը նշէ, որ ապատեղեկատուական արշաւը կրնար  կապուած ըլլալ Փաշինեանի եւ ընդդիմութեան միջեւ հակասութիւններու  եւ անոդ իմփիչմընթ յայտարարելու գործընթացին հետ։ Պատճառներէն մէկը նաեւ Փաշինեանի եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ միջեւ  փոխհրաձգութիւնն է եւ այն հանգամանքը, որ Փաշինեանը բարձրաստիճան հոգեւորականները կը մեղադրէ կուսակրօնութեան ուխտը խախտելու մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment