Սահմանադրական դատարանի դատաւորի թեկնածու Արտակ Զէյնալեան Ազգային Ժողովին մէջ ունեցած ելոյթին մէջ ընդգծեց՝ իր կենսագրութիւնը ոչ միայն քաղաքական գործիչի, այլեւ իրաւապաշտպանի գործունէութեան պատմութիւն է։
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան, անդրադառնալով Փտածութեան կանխարգիլման յանձնաժողովի զեկոյցին, հարցում բարձրացուց՝ արդեօք տարիներ շարունակ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան անդամ ըլլալը կրնա՞յ ազդել թեկնածուի անկախութեան վրայ։
Ի պատասխան՝ Զէյնալեան նշեց, որ կուսակցական գործունէութիւնը դադրեցուցած է մինչեւ իր թեկնածութեան առաջադրումը։
«Կարծում եմ, որ իմ կենսագրութիւնն աւելի շատ իրաւապաշտպանի կենսագրութիւն է, քան քաղաքական գործչի։ Եթէ կարդացել էք, ապա երեւի եզրակացրել էք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ ամենաշատ Սահմանադրական դատարան դիմած փաստաբանն եմ։ Այդ գրեթէ բոլոր գործերով սպառել եմ ներպետական պաշտպանութեան միջոցները եւ դիմել եմ Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարան։ Այսինքն՝ անկախ իշխանութեան ով լինելուց, ես կարող եմ ունենալ եւ ունենում եմ տարակարծութիւն, որը հասցնում եմ Սահմանադրական դատարան»,- նշած է ան։