Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Հարեւան Երկիրներուն Մէջ Կայ Գիտակցումը, Որ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Դարձած Է Կայունութեան Գործօն. Ռիթըր

Հայաստանի Հարեւան Երկիրներուն Մէջ Կայ Գիտակցումը, Որ ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Դարձած Է Կայունութեան Գործօն. Ռիթըր

by MassisPost

ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները տարբեր յանձնառութիւններով աշխատած են շարք մը երկիրներու մէջ, սակայն որեւէ տեղ չեն տեսած այն վերաբերմունքն ու հիւրընկալութիւնը, ինչպէս Հայաստանի մէջ, եւ այդ հանգամանքը մեծապէս կը խրախուսէ՝ տրամադրելով արդիւնաւէտ աշխատանքի։

Հայ-վրացական համաժողովի պատուիրակներու հետ իջեւանեան հանդիպման ժամանակ այդ կարծիքը յայտնած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը։

«Առաքելութիւնը իր գործունէութիւնը սկսած է 2023 թուականի Փետրուարէն, երբ ատրպէյճանական զինուժը արդէն յառաջ եկել ու մտած էր Հայաստանի որոշ տարածքներ։ Մենք դիտարկումներ կ’իրականացնենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին երկայնքով։ Մեր նպատակն է նպաստել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման՝ կանխելով լարուածութիւնը Ատրպէյճանի հետ սահմանին։ Մենք յաճախակի կ’այցելենք նաեւ սահմանամերձ բնակավայրեր, որոնք որոշ չափով տուժած են հակամարտենէն։ Կ’ուզենք մեր ներկայութեամբ ապահովել անվտանգային միջավայր եւ վստահութիւն ներշնչել սահմանամերձ համայնքներու բնակիչներուն»,- ըսած է Ռիթըր։

Ան տեղեկացուցած է, որ առաքելութիւնը այժմ ունի գործունէութիւն ծաւալելու վեց հիմնական յենակէտեր, որոնք տեղակայուած են Կապանէն մինչեւ Իջեւան։ Կեդրոնակայանը կը գտնուի Եղէգնաձորի մէջ։ Դիտորդական առաքելութիւնը ղեկավարին համոզմամբ պէտք չէ ըլլայ Երեւանի մէջ, որովհետեւ հիմնական ընելիքը Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանին է, ուստի դիտարկումները կ’իրականացուին մօտ 1000 քիլոմեթր սահմանագիծի երկայնքով։ Աշխատակիցներուն թուաքանակը 225 է, որոնցմէ 166-ը միջազգային դիտորդներ են ԵՄ անդամ 25 երկրէ, մնացածը տեղացի աշխատողներ են։

Ռիթըր յիշեցուցած է, որ այն ժամանակ, երբ առաքելութիւնը մեկնարկեց իր գործունէութիւնը, ԵՄ-ն ստանձնած էր միջնորդական դերակատարութիւն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հակամարտութեան հանգուցալուծման եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործին մէջ։ Եւրոխորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլը, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը, հետագային նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցը ձեռնարկեցին անմիջական քայլեր՝ նպաստելու խաղաղ բանակցութիւններու գործընթացին, եւ այժմ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ կ’ընթանայ ուղիղ երկխօսութիւն։

«Մեր առաքելութեան մեկնարկէն ի վեր սահմանային միջադէպերու քանակը զգալիօրէն նուազած է, լարուածութիւնը էապէս թուլցած է, երբեմն կը լսուին առանձին կրակոցներ, սակայն, բարեբախտաբար, զոհեր կամ տուժածներ չկան։ Օրինակ՝ երկու տարի առաջ ՀՀ ԱԳՆ-ն մեզմէ խնդրեց, որ դիտարկումնէր կատարենք Խաչիկ գիւղի հատուածին մէջ, քանի որ տեղեկութիւններ տարածուած էին այն մասին, որ ատրպէյճանցի զինուորականները Նախիջեւանէն կը կրակեն գիւղացիներուն ուղղութեամբ՝ խաթարելով հողագործական աշխատանքներուն ընթացքը, բայց երբ սկսանք դիտարկումներ կատարել այդ տարածքին մէջ՝ կանգնելով տեսանելի հեռաւորութեան վրայ, կրակոցները դադրեցան։ Հայաստանի հարեւան երկիրներուն մէջ արդէն կայ այն գիտակցումը, որ ՀՀ-ի մէջ գործող ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը դարձած է կայունութեան գործօն»,- նշած է ԵՄ դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը։

Ռիթըր յաւելած է, որ իրենք սահմանին երկայնքով կ’իրականացնեն ընդգրկուն հետազօտութիւն՝ կատարելով փաստահաւաք աշխատանք եւ համապատասխան զեկոյցները կ’ուղարկեն Պրիւքսէլ՝ քաղաքական որոշումներ կայացնողներուն, որպէսզի ԵՄ ներկայացուցիչները կատարեն համարժէք եզրակացութիւններ եւ ունենան յստակ պատկերացում այն մասին, թէ ինչ իրավիճակ կը տիրէ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ ամբողջ սահմանի երկայնքով։ Առաքելութիւնը այդ զեկոյցները չի ներկայացներ հակամարտող երկու կողմերուն։ Դիտարկումները կ’իրականացուին ինչպէս ուղեկցողներու միջոցով, այնպէս ալ առանց անոնց ծառայութիւններուն՝ սեփական ուժերով ու միջոցներով։

«Սկզբնական շրջանին մեզի կ’ուղեկցէին, քանի որ ծանօթ չէինք տեղանքին, բայց մէկուկէս տարի անց արդէն իրականացուցինք աւելի քան 5500 դիտարկում, ինչը կը վկայէէ այն մասին, որ եւրոպացի դիտորդները արդէն լաւ գիտեն, թէ ուր պէտք է երթան եւ ինչ ընեն։ Ժամանակի ընթացքին կրճատեցինք ուղեկցողներու քանակը՝ յատկապէս զինուորականներու, որովհետեւ կրնար հարց յառաջանալ՝ եթէ անաչառ առաքելութիւն է, ապա ինչո՞ւ մեզի կ’ուղեկցին հակամարտութեան մէջ ներգրաւուած կողմերէն մէկուն զինուորականները։ Մենք անոնց օգնութեան ու օժանդակութեան կը դիմենք միայն ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագային։ Ունենք դիտարկումներու ծրագիր, որ կ’ուղարկենք նաեւ Պաքու։ Ատրպէյճանական կողմին հետ չունինք ուղիղ հաղորդակցութիւն, ուստի դիտարկումներու ծրագրին մասին անոնց կը տեղեկացնենք Թիֆլիսի մէջ տեղակայուած Հարաւային Կովկասի ճգնաժամային հարցերով յատուկ ներկայացուցիչին միջոցով։ Գործունէութիւն ծաւալելու համար թոյլտուութիւն չենք խնդրեր եւ պատասխանի չենք սպասեր, պարզապէս կը ծանուցենք այդ մասին։ Կ’ուզենք, որ երկու կողմերն ալ ունենան միեւնոյն տեղեկատուութիւնը դիտարկումներու ծրագրին վերաբերեալ, իմանան, թէ ուր կ’երթանք»,- մանրամասնած է Ռիթըր։

Դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը վստահեցուցած է, որ Հայաստանի մէջ որեւէ վայր յաճախելու առումով իրենք ազատ են եւ չունին որեւէ սահմանափակում սահմանամերձ համայնքներ հասնելու համար։ Նախորդ տարուընէ կանոնաւոր կ’այցելեն նաեւ ուսումնական հաստատութիւններ եւ դպրոցականներուն կը տեղեկացնեն իրենց գործունէութեան մասին՝ ներկայացնելով աշխատանքներու ընդհանուր բնոյթը, մանտաթն ու Եւրոմիութեան նպատակները։

«Երբ ժամանեցինք Հայաստան, մեր գործունէութեան սկիզբը կային մեզի հետ կապուած մեծ ակնկալիքներ։ Շատ մարդիկ կը կարծէին, որ մենք տեղակայուած ենք ռուս խաղաղապահներու փոխարէն, որ ԵՄ զինուած ուժերու ներկայացուցիչներն ենք եւ կոչուած ենք պաշտպանելու Հայաստանը հնարաւոր յարձակումէ, բայց ստիպուած անոնց կը բացատրէինք, որ մենք կ’իրականացնենք բացառապէս քաղաքացիական, անզէն առաքելութիւն, կը տեղեկացնենք մեր վերադասներուն իրավիճակին մասին եւ ոչ թէ կը պաշտպանենք սահմանամերձ համայնքներու բնակիչները»,- պարզաբանած է Ռիթըր։

Անոր խօսքով՝ այժմ տեղի լրատուամիջոցներուն շնորհիւ մարդիկ արդէն կը գիտակցին դիտորդներու գործունէութեան բնոյթը, գիտեն, որ անոնք կ’օգտագործեն միայն հեռադիտակներ եւ տեսախցիկներ։ ԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը միջազգային միակ կազմակերպութիւնն է, որ հասանելիութիւն ունի հեռաւոր վայրեր, ուր միայն զինուորականներն են, եւ մարդիկ այնտեղ չեն բնակիր։ Բոլոր սահմանամերձ համայնքներու մէջ Ռիթըր ու անոր խումբի ներկայացուցիչները կը ճանչնան, կ’ընդունին սրտաբաց, եւ յաճախ մարդիկ ԵՄ դիտորդները կը հրաւիրեն իրենց տուները։

«Մեր գործունէութեան ընթացքին առաքելութեան վերաբերեալ շրջանառուած են տարաբնոյթ խօսոյթներ։ Ատրպէյճանը չ’ուզեր մեր հետ համագործակցիլ, նոյնիսկ կը պահանջէ, որ հեռանանք, եւ դիտորդական առաքելութիւնը կը համարէ լրտեսական ցանց, որուն ներկայացուցիչները զբաղուած են հետախուզական աշխատանքներ իրականացնելով, մինչդեռ այդ ամէնը իրականութեան հետ որեւէ առնչութիւն չունի, մենք գաղտնի ծառայութիւն չենք, մեր միակ նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ լարուածութեան կանխարգիլումն է եւ Հայաստանին օգնելը, որպէսզի հայկական կողմը ունենայ լաւ դիրքեր բանակցութիւններու գործընթացին մէջ, որ աւելի  արդիւնաւէտ կ’ընթանայ, եթէ չըլլան կրակոցներ»,- եզրափակած է Ռիթըր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment