«Հայաստանի վրայով ոչ մի պալիստիկ հրթիռ չի թռչում, ընդհակառակը՝ ՀՀ-ի վրայով թռչում են օդանաւեր այն քանակութեամբ, որ Հայաստանի պատմութեան մէջ երբեք չեն թռել: Ես չեմ ուզում սա ներկայացնել որպէս յաջողութեան պատմութիւն, բայց ուզում եմ ճշգրտել, որ մեր վրայով պալիստիկ հրթիռներ չեն թռչում»:
Ազգային Ժողովին մէջ 2024 թ. պետական պիւտճէի կատարման տարեկան հաշուետուութեան քննարկման ամփոփիչ ելոյթի ժամանակ այս մասին ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով ընդդիմադիրներու յայտարարութիւններուն:
«Ուզում եմ այլ բան ասել ձեզ որպէս ՀՀ վարչապետի պաշտօնը 7 տարի զբաղեցնող մարդ. ՀՀ-ն միջազգային իրադրութիւններին եւ իրավիճակներին, տարածաշրջանային հնարաւոր խնդիրներին երբեք այնքան պատրաստուած չի եղել, ինչքան պատրաստուած է այսօր: Դրա ամենակարեւոր արտայայտութիւնն այն արտաքին յարաբերութիւններն են (ձեռք բերուած) հաւասարակշռուած եւ հաւասարակշռման արտաքին քաղաքականութեան արդիւնքում, որը մենք ունենք… Այո՛, խաղաղութեան գործընթացի յարաշարժութիւնն է Ատրպէյճանի հետ, այո՛, Թուրքիայի հետ աշխոյժ երկխօսութեան գործընթացն է, այո՛, տարբեր ուղղութիւններով մեր յարաբերութիւնների եւ մեր վիճակի կարգաւորումը, եւ մեր միջազգային հեղինակութեան աներկբայ ու աննախադէպ բարձրացումը»,- ըսաւ ան՝ նշելով, որ վերը թուարկուածը արդէն իրողութիւն է:
Այս ծիրին մէջ Փաշինեան յիշեցուց, որ 2026-ին Հայաստանը պիտի հիւրընկալէ համաշխարհային մակարդակի երկու կարեւորագոյն իրադարձութիւն՝ Եւրոպական քաղաքական համայնքի գագաթաժողովը եւ COP17 համաժողովը:
«Սրանք պատահական չեն, եւ սրանք յաջողութեան պատմութեան ֆիզիքական արտայայտութիւններն են»,- նշած է վարչապետը: