Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Ռուսաստանի Խումբ Մը Գործիչներու Հնչեցուցած Յայտարարութիւնները Կը Գնահատէ Որպէս Ոտնձգութիւն Ինքնիշխանութեան Դէմ

Հայաստանը Ռուսաստանի Խումբ Մը Գործիչներու Հնչեցուցած Յայտարարութիւնները Կը Գնահատէ Որպէս Ոտնձգութիւն Ինքնիշխանութեան Դէմ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը Ռուսաստանի խումբ մը քաղաքական եւ հանրային դէմքերու կողմէ հնչեցուած յայտարարութիւնները գործարար Սամուէլ Կարապետեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին վերաբերեալ կը գնահատէ որպէս միջամտութիւն ներքին գործերուն եւ ոտնձգութիւն երկրի ինքնիշխանութեան դէմ։ Ազգային Ժողովին մէջ կառավարութեան հարցուպատասխանի ընթացքին այս մասին յայտնեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան՝ պատասխանելով «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Յասմիկ Յակոբեանի հարցումին։

Պատգամաւորը յիշեցուց, որ Սամուէլ Կարապետեանի կալանաւորման հետ կապուած՝ Ռուսաստանի պետական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ հնչած են բազմաթիւ աջակցող յայտարարութիւններ, որոնց մէկ մասը ուղեկցուած է Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին միջամտութեան կոչերով։

Նախարար Արարատ Միրզոյեան նշեց, որ Յունիս 17-ին ռուսական հանրային հեռուստաընկերութեան «Երեկոն՝ Սոլովյովի հետ» հաղորդման եթերի ժամանակ հնչած են անընդունելի կոչեր, խեղաթիւրուած գնահատականներ, վիրաւորանքներ՝ ընդ որում անձնական բնոյթի եւ ուղղուած Հայաստանի ղեկավարութեան։

Արտաքին գործերու նախարարը շեշտեց, որ Հայաստանը այս դրսեւորումները կը համարէ երկու երկիրներու բարեկամական յարաբերութիւններուն ու միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն հակասող։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment