Յունիսին Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէն (ԿԽՄԿ) այցելած է Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող եւ շինծու մեղադրանքներով անցնող հայերուն, որոնց մասին տեղեկութիւններ տրամադրած է ատրպէյճանական կողմը։
Այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները՝ նշելով, որ անհատական հանդիպումներ եղած են կալանաւորուած անձերու հետ, պայմաններ ստեղծուած են անոնց ընտանիքներու հետ շփման համար, ծանրոցներ ստացած են ընտանիքներէն։
«ԿԽՄԿ-ն, իր մանտաթին համաձայն, կը գնահատէ նման այցելութիւններու ընթացքին ձերբակալուածներուն վերաբերմունքը եւ պահման պայմանները, ինչպէս նաեւ պայմաններ կը ստեղծէ անհատներու ընտանիքներուն հետ՝ շփումները վերականգնելու կամ շարունակելու համար»,- կ’ըսուի տեղեկատուութեան մէջ։
Նշենք, որ Յունիս 17-ին Ատրպէյճանի Ռազմագերիներու, անյայտ կորսուածներու եւ պատանդներու հարցերով պետական յանձնաժողովը տեղեկութիւն տարածած էր, որ Ատրպէյճանի մէջ ԿԽՄԿ գրասենեակը շուտով պիտի դադրեցնէ իր գործունէութիւնը։