Իսրայէլի եւ Իրանի միջեւ անխուսափելի նկատուող պատերազմը վերածուեցաւ իրականութեան: Հրէական պետութեան օդուժը սկսաւ լայնածաւալ ռմբակոծութեան` թիրախ ունենալով Իրանի միջուկային եւ ռազմական կեդրոնները: Նոյն պահուն, Իսրայէլի յատուկ նշանակութեան ուժերը, որոնք կրցած էին ներթափանցել իրանեան տարածքներէն ներս, կարողացան սպանել մի քանի տասնեակ բարձրաստիճան զինուորական հրամանատարներ եւ միջուկային զէնքերու հարստացման գիտնականներ:
Չուշացաւ Իրանի պատասխանը այս նախայարձակման: Այդ երկրի անօդաչու թռչող սարքերու ու պալիսթիք հրթիռներու թիրախին յայտնուեցան Իսրայէլի շարք մը ենթակառուցուածքներ եւ բնակելի շէնքեր` խլելով բազմաթիւ զոհեր մայրաքաղաք Թել Ավիւի եւ այլ քաղաքներու մէջ: Քաղաքական մեկնաբաններու կարծիքով Իսրայէլ անակնկալի եկած է իրանեան կողմի ազդու հակահարուածներէն` թերագնահատելով թեհրանի ռազմական կարողութիւնները:
Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանեահուն կը յայտարարէ, որ իրենք կը հետապնդեն հիմնական երեք նպատակներ` Իրանի միջուկային ծրագրի ոչնչացում, հրթիռային ծրագրի վերացում եւ «ահաբեկչական առանցքի»
վերացում: Այս վերջինը կ’ակնարկէ Իրանի աջակցութիւնը վայելող Եամանի, Պաղեստինի, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ գործող զինեալ խմբաւորումներուն: Նաթանեահուն յոյս ունի նաեւ, որ ռազմական գործողութիւններու արդիւնքով կը տապալի իրանեան ռեժիմը:
Թէեւ պատերազմի առաջին փուլին Իսրայէլ կարողացաւ մեծ վնասներ պատճառել Իրանին, սակայն նշուած նպատակներու իրականացումը առայժմ կը մնայ անհասանելի: Ռազմական մասնագէտներու գնահատմամբ, Իսրայէլ իր ունեցած ներկայ կարողութիւններով ի վիճակի չէ ոչնչացնելու Թեհրանի միջուկային կեդրոնները, որոնք կը գտնուի լեռներու տակ գտնուող ամրացուած վայրերու մէջ: Այդ ընելու համար Իսրայէլ պէտք ունի Միացեալ Նահանգներու օդուժի օգնութեան: Ամերիկեան արդիական կործանիչ օդանաւերը ու ծանր ռումբերը միայն, կարողութիւնը ունին հասնելու ստորագետնեայ կեդրոններուն:
Այժմ հարցական է, թէ արդեօ՞ք նախագահ Թրամփ պիտի միանայ Իսրայէլի պատերազմին« թէ՞ ոչ:
Այս պատերազմէն կ’ազդուին տարածաշրջանի միւս երկիրները, որոնց շարքին Իրանի սահմանակից Հայաստանը: Տնտեսական գետնի վրայ Հայ տնտեսվարողները կ’օգտագործեն իրանեան Պանտար Ապպաս նաւահանգիստը« ուր եւս եղած են ռմբակոծումներ:
Քաղաքական գետնի վրայ, Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը փոխանակ համախմբման կոչ ընելու, կը փորձեն խուճապի մթնոլորտ ստեղծել երկրէն ներս: Անոնք կը կը տարածեն այն միտքը, թէ Ատրպէյճան օգտագործելով առիթը պիտի յարձակի Հայաստանի վրայ: Սակայն, իշխանութիւնները այդ կարծիքին չեն ու նման վտանգ չեն տեսներ ներկայիս: Այս ծիրէն ներս ուշագրաւ է Փաշինեանի մօտալուտ այցելութիւնը Անքարա` ընդառաջելով Թուրքիոյ նախագահ Ռաճիպ Թայիպ Էրտողանի հրաւէրին: Թուրքիոյ դիրքորոշումը Երեւանի նկատմամբ կրնայ զսպիչ ուժ դառնաել ատրպէյճանական ապագայ ոտնձգութիւններուն դէմ:
Պատերազմի աւարտին եթէ Թեհրանի մէջ շարունակէ գործել նոյն իշխանութիւնը թէեւ տկարացած« տարածաշրջանէն ներս ուժերու դասաւորումը մեծ մասամբ կը մնայ անփոփոխ: Իսկ եթէ իշխանութեան գան այլ ուժեր, այդ պարագային Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները կրնան մատնուիլ անորոշութեան: Հետեւաբար, Երեւանի համար լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլայ կարճ ժամանակուայ մէջ պատերազմի աւարտը ու տարածաշրջանէն ներս նախկին իրավիճակին վերադարձը:
ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»