Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՔԿ-ն Սամուէլ Կարապետեանը Կալանաւորելու Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Է Դատարան

ՔԿ-ն Սամուէլ Կարապետեանը Կալանաւորելու Միջնորդութիւն Ներկայացուցած Է Դատարան

by MassisPost

Քննչական Կոմիտէն գործարար Սամուէլ Կարապետեանը կալանաւորելու միջնորդութիւն ներկայացոպցած է դատարան:

«ՀՀ Քննչական Կոմիտէի պետութեան, սահմանադրական կարգի հիմունքների եւ հասարակական անվտանգութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնների քննութեան գլխաւոր վարչութիւն ստացուած հաղորդման հիման վրայ ՀՀ Քրէական Օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով նախաձեռնուել է քրէական վարոյթ այն կապակցութեամբ, որ Ս.Կ.-ն զանգուածային լրատուութեան միջոցով հարցազրոյց տալու ընթացքում հնչեցրել է իշխանութիւնը զաւթելուն՝ ՀՀ սահմանադրութեամբ չնախատեսուած եղանակով ՀՀ կառավարութեան լիազօրութիւններին տիրանալուն ուղղուած հրապարակային կոչ:

«2025 թուականի Յունիսի 18-ին միջնորդութիւն է ներկայացուել քրէական վարոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւն իրականացնող դատախազին՝ հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու մասին, որի կապակցութեամբ վերջինիս կողմից նոյն օրը որոշում է կայացուել Ս.Կ.-ի նկատմամբ ՀՀ Քրէական Օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու մասին։ 2025 թուականի Յունիսի 18-ին Ս.Կ.-ն ձերբակալուել եւ ներկայացուել է վարոյթն իրականացնող մարմին։ Միջնորդութիւն է ներկայացուել դատարան՝ վերջինիս նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց կիրառելու վերաբերեալ»,- տեղեկացուցին ՔԿ-էն:

Նշենք, որ գործարար Սամուէլ Կարապետեանը գիշերը դուրս եկած է առանձնատունէն եւ հեռացած է իրաւապահներու հետ։ Կարապետեանի կարգավիճակին մասին տեղեկութիւններ դեռ չեն յայտնուիր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment