Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Միջոցառումին Ներկայ Գտնուեցան Ուրուկուայի Փոխնախագահն Ու Խորհրդարանի Նախագահը

Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Միջոցառումին Ներկայ Գտնուեցան Ուրուկուայի Փոխնախագահն Ու Խորհրդարանի Նախագահը

by MassisPost

Յունիս 15-ին լրացաւ Հնչակեան 20 գործիչներու կախաղան բարձրանալուն  110-ամեայ տարելիցը:

Մոնթեվիտէոյի ՍԴՀԿ կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ միջոցառում, որուն ներկայ գտնուեցան Ուրուկուայի Արեւելեան Հանրապետութեան փոխնախագահ` Գարոլինա Քոսսէ, Խորհրդարանի նախագահ` Սեպաստիան  Պալտոմիր, ՀՀ դեսպան` Մարիամ Գէորգեան, պատգամաւորներ, դիւանագէտներ եւ համայնքի ներկայացուցիչներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՍԴՀԿ կուսակցութեան Վարիչ Մարմնի ատենադպիր` ընկեր Տիէկօ  Գարամանուկեան: Պետական օրհներգներէն ետք ելոյթ ունեցաւ Առաջնորդ սրբազան` գերաշնորհ  Տէր Յակոբ Արքեպիսկոպոս Գելենտճեանը: Կուսացութեան անունով ՍԴՀԿ ատենապետուհի` ընկերուհի Լաուրա Ասլանեան Սրբազան հօր յանձնեց յուշատախտակ` գնահատելով անոր չորս տասնամեակի ծառայութիւնը Ուրուկուայի մէջ:

Ելոյթ ունեցաւ Ուրուկուայի խորհրդարանի նախագահ` Սեպաստիան Պալտոմիր, ով անդրադարձաւ օրուայ խորհուրդին եւ գնահատեց հայ-ուրուկուայական յարաբերություններու ներկայ փուլը:

Ապա ելոյթ ունեցաւ օրուան գլխաւոր բանախօս` Ուրուկուայի փոխնախագահ  Գարոլինա Քոսսէն: Ան իր ընդարձակ ելոյթով անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի պատմութեան, դատապարտեց ցեղասպանութիւնը, կոչ ըրաւ խաղաղութեան, ինչպէս նաեւ յիշատակեց Հնչակեան 20 նահատակներու մասին, որոնց 1915 թուականին  Պոլսոյ Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացան  հայ ազգի ազատագրութեան եւ Հայաստանի անկախութեան համար: Փոխնախագահը նաեւ նշեց, որ Հայաստանի եւ Ուրուկուայի պետական յարաբերութիւնները բարձր մակարդակի վրայ են եւ ինք պատրաստ է այդ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման:

Ընկերուհի Լաուրա Ասլանեան` ի նշան երախտագիտութեան« անոր հայանպաստ կեցուածքին ու միջոցառման մասնակցութեան  առթիւ փոխնախագահ  Գարոլինա Կոսսէին յանձնեց յուշատախտակ:

Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ ընկերուհի Լաուրա Ասլանեանի ելոյթով եւ  ՍԴՀԿ քայլերգով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment