Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եկած է Ժամանակը Քննարկելու ՀԵՑ-ի Ազգայնացման Գաղափարը․ Հայկ Կոնջորեան

Եկած է Ժամանակը Քննարկելու ՀԵՑ-ի Ազգայնացման Գաղափարը․ Հայկ Կոնջորեան

by MassisPost

«Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Կոնջորեանը Ազգային Ժողովին մէջ անդրադարձաւ գործարար Սամուէլ Կարապետեանի վերջին յայտարարութիւններուն՝ խօսելով նաեւ Հայաստանի Ելեկտրական Ցանցերու գործունէութեան եւ այն պատճառուած վնասներու մասին, որոնք, ըստ Կոնջորյեանի, կը կրեն քաղաքացիները։

«Դու գնա՛ ՀԵՑ-ով զբաղուի։ Այդ հարցերը շատ յստակ են եւ դրուելու են։ ՀԵՑ-ը պէտք է փոխհատուցի տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներին պատճառուած վնասները։ Կոպեկ առ կոպեկ պէտք է փոխհատուցի։ Եկել է ժամանակը քննարկելու նաեւ ՀԵՑ-ի ազգայնացման գաղափարը։ Այսօր դու սեփականատէր ես մի կառոյցի, որը Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաատելի կառոյցն է։ Երբ հարցնես, թէ որ կառույցից են ամենաշատը բողոքում քաղաքացիները, կասեն՝ ՀԵՑ-ից»,- նշեց Կոնջորեան։

Հայկ Կոնջորեանի յայտարարութիւնը հնչած է այն բանէն յետոյ, երբ գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, արձագանգելով իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուող քննադատութեան Հայ առաքելական եկեղեցւոյ որոշ հոգեւորականներու նկատմամբ, յայտնած էր, որ եթէ քաղաքական գործիչները չյաջողին դադրեցնել զայն, ապա ինքն ու իր կողմնակիցները «իրենց ձեւով պիտի միջամտեն եկեղեցւոյ դէմ արշաւին»։

Ռուսաստանաբնակ հայ գործարար Սամուէլ Կարապետեանին պատկանող «Տաշիր» ընկերութիւններու խումբը 2015 թուականի Հոկտեմբերէն «Ինտեր ՌԱՕ» ընկերութենէն ձեռք բերած է ՀԵՑ-ը՝ ամբողջութեամբ իր վրայ վերցնելով ընկերութեան կառավարման պարտաւորութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment