Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այս Պահին Իրանէն Կամ Իսրայէլէն Հայերու Տարհանման Անհրաժեշտութեան Մասին Ահազանգ Չկայ. Խանդանեան

Այս Պահին Իրանէն Կամ Իսրայէլէն Հայերու Տարհանման Անհրաժեշտութեան Մասին Ահազանգ Չկայ. Խանդանեան

by MassisPost

Հայաստանի իշխանութիւնները Իսրայէլէն կամ Իրանէն տարհանման ծրագիր պիտի գործարկեն միայն այն պարագային, երբ նման անհրաժեշտութիւն յառաջանայ։

Լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին այս մասին ըսած է Ազգային Ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանը՝ վստահեցնելով, որ այս պահուն Իրանէն կամ Իսրայէլէն հայերու տարհանման անհրաժեշտութեան մասին որեւէ ահազանգ չկայ։

«Ես այս պահին չունեմ նման տեղեկատուութիւն։ Կարծում եմ՝ եթէ նման խնդիր յառաջանայ, ապա մենք արդէն ունենք փորձ՝ տարբեր պատերազմական գօտիներում գտնուող մեր հայրենակիցներին օգնութիւն տրամադրելու կամ որեւէ կերպ նրանց խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ։ Այս պահին նման ահազանգ չկայ: Եթէ նման իրավիճակ յառաջանայ, համապատասխան պետական հիմնարկներն ու գերատեսչութիւնները պատրաստ կը լինեն արձագանգել»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment