Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Անքարայի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Փոխնախարարները

Անքարայի Մէջ Հանդիպած Են Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործերու Փոխնախարարները

by MassisPost

Անքարայի մէջ հանդիպած են Հայաստանի արտաքին գործերու փոխնախարար Վահան Կոստանեանն ու Թուրքիոյ արտաքին գործերու փոխնախարար Պերիս Էքինճը:

Հանդիպման ընթացքին անոնք կարծիքներ փոխանակած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ։

Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան աւելի վաղ «Ազատութեան» հարցումին ի պատասխան չէր հերքած, որ յառաջիկային վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պիտի մեկնի Թուրքիա՝ հանդիպելու նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանին: Թէ ինչ օրակարգով պիտի ըլլայ հանդիպումը, պաշտօնեան չէր բացայայտած:

Արմէն Գրիգորեան չէր նշած այցի օրը՝ ըսելով, որ վարչապետի աշխատակազմը տեղեկութիւնը կը յայտնէ:

Յունիս 5-ին վարչապետ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած էր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ: Անոնք քննարկած էին Հայաստան–Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ տարածաշրջանային զարգացումներուն վերաբերող հարցեր ու պայմանաւորուած՝ շարունակել երկխօսութիւնը։

Փաշինեան աշխատանքային այցով Թուրքիա մեկնած էր 2023 թուականի Յունիսին եւ ներկայ գտնուած՝ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment