Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Նահատակութեան 110-Ամեակին Առիթով

Հնչակեան Քսան Կախաղաններու Նահատակութեան 110-Ամեակին Առիթով

«ԿԵՑՑԷ՛ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»

by MassisPost

Մինչ այս օրերուն Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը, աշխարհով մէկ, խորհրդաւոր լռութեամբ կ’ոգեկոչէ Քսաններուն յիշատակը, մինչ այս առիթով կազմակերպուող ձեռնարկներուն ընթացքին մէկ վայրկեան լռութեամբ կը յարգենք նահատակներուն յիշատակը, իրավիճակը աւելի տարբեր չէր կրնար ըլլալ այս օրը՝ 110 տարի առաջ, երբ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ, ուր խորհրդաւոր լռութեան փոխարէն խորհրդաւոր աղաղակ էր՝ արեւածագին նախորդող ոռնոց մը, որ ցնցեց ամբողջ Պոլիսը՝ հասնելով մինչեւ Արեւմտեան Հայաստան ու Կիլիկիա, եւ արձագանգելով աշխարհով մէկ:

Սովորական աղաղակ չէր, այլ մեր դարերու ստրկութեան ժանգ շղթան փշրող սուր մը եւ Ազատ Հայաստանի միասնական հնչակը: Քսաններուն վերջին շունչով արտասանուած «կեցցէ՛ Հայաստան» միաձայն բացագանչութիւնը, այո՛, չխորտակեց կախաղանի սիւները եւ ստոյգ մահէ չփրկեց հնչակեան հերոսները, սակայն «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» աղաղակեց եւ տապալեց դիւային ծրագիրը՝ հայը առանց Հայաստանի եւ կեանքի ձգելու:

Քսանները անմահացան, իսկ անոնց աղաղակը Արեւելքի հորիզոնին վրայ արձագանգեց հայրենի պետութեան յայտնութեամբ: Այս աղաղակով Քսաններուն մաղթանքն էր, որ միշտ յիշուի այդ կանչը ու իր շուրջ համախմբէ համայն հայութիւնը:

Դժբախտաբար, Քսաններուն նահատակութենէն 110 տարի ետք յետադարձ ակնարկով կը տեսնենք, որ շատեր տակաւին չկրցան ըմբռնել գէթ մէկ անգամ միասին հնչեցուած «կեցցէ՛ Հայաստան»-ին խորքային իմաստը, այլ բազմազան մեկնաբանութիւններով աղաւաղեցին այդ վեհ գաղափարը: Վստահաբար, եթէ Քսանները ականատես դառնային նորօրեայ վիճակին, պիտի զարհուրէին Հայաստանի եւ հայութեան պարզած անմխիթար վիճակէն, դէպի անդունդ գլորուող կացութենէն: Ցաւով տեսանք, որ տասնեակ տարիներէ ի վեր իւրաքանչիւր հայ ունի «կեցցէ՛ Հայաստան»-ի իր սեփական կամ հատուածական տեսլականը, որ յաճախ կը բախի ուրիշներու տեսլականին՝ ստեղծելով Քսաններու մաղթանքին հակասական պատկերը: Եւ այսպէս, «Ծովից-ծով Հայաստան», «Ազատ-անկախ Հայաստան», «Խորհրդային Հայաստան», «Ընկերվարական Հայաստան»-ն ու այլ Հայաստանները գերիշխեցին «կեցցէ՛ Հայաստան»-ին ու մինչեւ օրս կը շարունակեն բանալ ներքին նորանոր տարակարծութիւններու դռներ, իսկ մեր ապրած ձախողութիւնները,– Արցախի կորուստ՝ թերի ռազմավարութեան հետեւանքով, Հայրենիքի բարգաւաճման կորուսեալ ոսկեայ առիթներ, պետական ներուժի թալանում, պետական ու եկեղեցական անձնաւորութիւններու անիմաստ բանավէճ,­– ոչինչ են, քան մեր ժողովուրդին միասնականութեան եւ համերաշխութեան բացակայութեան դաժան հետեւանքները:

Հետեւաբար, մանաւանդ այսօր մեր թիկունքին զգալով Քսաններու ոգին, անգամ մը եւս կ’աղաղակենք «կեցցէ՛ Հայաստան»՝ յորդորելով վերագտնել համերաշխութեան եւ միասնութեան միտող Քսաններուն սուրբ խորհուրդը, որովհետեւ միայն այդպէս կրնանք վերականգնել մեր փառքի օրերը եւ իրապէ՛ս հանգստացնել մեր բոլոր նահատակ հերոսներուն հոգիները:

Կեցցե՛ն Հնչակեան Քսան նահատակները եւ կեցցէ՛ անոնց փառաբանած Հայաստանը:

“NOR SEROUNT” SYDNEY

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment