Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսան Հերոսներու Անմահութեան Տարելիցը

Հնչակեան Քսան Հերոսներու Անմահութեան Տարելիցը

by MassisPost

110 տարիներ առաջ այս օրերուն, անմահացան Հնչակեան Կուսակցութեան կարկառուն դէմքերը, որոնք 1915 թուականի Յունիսի 15-ին, թրքական դատարանի որոշումով Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացան` մեղադրուելով Երիտթուրքերու պարագլուխներուն եւ Հայ ժողովուրդի դահիճներուն դէմ մահափորձ կազմակերպելու մէջ: Այս եղելութիւնը տեղի կ’ունենար երբ արդէն ձերբակալուած էին Պոլսոյ Հայ մտաւորականները, իսկ գաւառներուն մէջ ծայր առած էր հայութեան տեղահանութիւնն ու կոտորածները: Այս իրադարձութիւնները շաղկապուած են իրենց տխուր վախճանով, սակայն եւ կ’արժեւորուին Հայ ժողովուրդի վերածնունդով ու գոյատեւմամբ:

Այդ օրէն ասդին, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւնը ամէն տարի նշելով Քսաններուն հերոսական նահատակութեան տարելիցը, վեր կ’առնէ անոնց վերջին պատգամները`  արտասանուած կախաղանի վրայէն: «Դուք մեզ քսաններս կը կախէք« սակայն քսան հազարներ պիտի գան մեր գործը շարունակելու», «Վաղը արեւելքի հորիզոնին պիտի ողջունենք Հայաստանի ծնունդը», «Այս թաշկինակը տուէք մօրս ու ըսէք, որ ան արցունք չէ տեսած», այս խօսքերով Քսանները անմահացան Հնչակեան կուսակցութեան պատմութեան մէջ ու իրարայաջորդ սերունդները կը շարունակեն ուխտել` քալելու անոնց գծած ուղղիէն ու հետեւելու անոնց տեսլականին ու նպատակներուն:

ՍԴՀԿ իր հիմնադրութեան առաջին օրէն սկսեալ մարտնչած է Հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան համար: Կուսակցութեան առաջնորդած Սասունի ու Զէյթունի ապստամբութիւնները, Գում Քափուի ու Պապ Ալիի ցոյցերը կը ձգտէին աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու Օսմանեան պետութեան վարած կեղեքումի քաղաքականութեան վրայ` ձգտելով վերացնելու Հայութեան դէմ գործադրուող տնտեսական ճնշումը ու հասնելու նուազագոյնը ինքնավարութեան« որ պէտք էր դառնար նախաքայլը դէպի անկախ պետականութիւն:

Մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու արեան գնով ու Սարտարապատի հերոսական ճակատամարտով Հայ ժողովուրդը վեց հարիւր տարուայ ստրկութենէ ետք վերականգնեց իր պետականութիւնը ու մասամբ իրականացաւ Քսաններու երազը ու աւելիով իմաստաւորուեցաւ անոնց կեանքի ուղին:

Ներկայիս, մեր բոլորիս պարտականութիւնն է պահել ու պահպանել փոքրիկ մեր Հայրենիքը, որ լոյս կը սփռէ Մայր Հայրենիքի մէջ ու աշխարհի տարբեր անկիւններ ապաստան գտած իր ժողովուրդի զաւակներուն: Ինչպէս անցեալին, մեր ժամանակներուն եւս Հայաստան կը մնայ շրջապատուած նոյն թշնամիներով, որոնց համար մեր անկախ պետականութիւնը խոչընդոտ է իրենց փանթուրանական ծրագիրներու իրականացման ճանապարհին: Տակաւին վերջերս Թուրքիոյ  նախագահը Հայաստանի վրայէն թռչելու պահուն բացէիբաց կը խօսէր այդ մասին: Մենք պէտք է ամէն ինչ ընենք, որպէսզի Էրտողաններու երազը մնայ այդպիսին` պարզ երազ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս օրերուն կը դիմագրաւէ բազում դժուարութիւններ, սակայն ի վիճակի է յաղթահարելու իր առջեւ ծառացած բոլոր մարտահրաւէրը` կառուցելով ուժեղ տնտեսութիւն, արդիական բանակ ու վայելելով բարեկամ երկիրներու աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը: Այս բոլոր աշխատանքները աւելի հեշտ կը դառնան ներքին համերաշխութեամբ ու պետականութեան պահպանման գաղափարին շուրջ համախմբումով:

ՍԴՀԿ հետեւելով իր Քսան հերոսներու պատգամին կը շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ Հայաստանի ժողովուրդի ընտրութեան, հեռու մնալով բոլոր տեսակի արկածախնդրութիւններէ, որոնք կը ջլատեն մեր ներքին դիմադրողականութիւնը` յագուրդ տալով մեր թշնամիներուն:

ՍԴՀԿ իր պատմութեան ամբողջ ընթացքին մնացած է հաւատարի իր դաւանած գաղափարախօսութեան, միշտ մնալով ճիշդ ուղիի վրայ, քանի որ մենք Հայրենիքը կը դասենք ամէն բանէ վեր:

Յարգանք Քսան հերոսներու յիշատակին:

ԳՐԻԳՈՐ ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment