Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յովիկ Աբրահամեանը Ձերբակալուած Է

Յովիկ Աբրահամեանը Ձերբակալուած Է

by MassisPost

Ձերբակալուած է նախկին վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանը: Ան կը մեղադրուի քանի մը դրուագ փողերու լուացման պաշտօնի լիազօրութիւնները չարաշահելու եւ ձեռնակատիրական գործունէութեան ապօրինի մասնակցելու յօդուածներով, «Ազատութեան» յայտնեց Հակափտածութեան կոմիտէի խօսնակ Մարինա Օհանջանեանը։

Գերատեսչութիւնը այլ հարցերու չէ պատասխանած, այդ շարքին, թէ ինչ քրէական գործով կ’անցնի Աբրահամեանը։ Խոստացան աւելի ուշ տեղեկութիւն տրամադրել։

«Աատութեան» տեղեկութիւններով՝ Հակափտածութեան քննիչը միջնորդութիւն պիտի ներկայացնէ Աբրահամեանը կալանաւորելու համար:

«Ազատութեան հարցումին, թէ ինչ փուլի մէջ է 2018 թուականին յարուցուած գործը եւ կապ ունի՞ այսօրուայ գործին հետ, Դատախազութենէն բանաւոր չպատասխանեցին, խնդրեցին հարցումները ուղարկել գրաւոր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment