Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եկեղեցին Պէտք Է Ցուցաբերէ Քաղաքական Չէզոքութիւն, Պետութիւնը Խուսափի Եկեղեցւոյ Ընթացակարգերուն Միջամտելէ. ՀԽ

Եկեղեցին Պէտք Է Ցուցաբերէ Քաղաքական Չէզոքութիւն, Պետութիւնը Խուսափի Եկեղեցւոյ Ընթացակարգերուն Միջամտելէ. ՀԽ

by MassisPost

Հայաստանի Հանրային Խորհուրդի անդամները, նկատի առնելով Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ հոգեւոր դասի որոշ շրջանակներուն միջեւ առկայ տարաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ իրավիճակին հանրութեան շրջանակին մէջ տրուող արձագանգները եւ հանրային ընկալումները, ելլելով նաեւ օրէնսդրութեամբ Հանրային Խորհուրդին վերապահուած առաքելութենէն, 2025 թ. Յունիս 12-ին հրաւիրած են խորհրդակցութիւն:

«Հանրային խորհուրդը, կարեւորելով հանրային համերաշխութեան, փոխադարձ յարգանքի եւ հանդուրժողականութեան սկզբունքների պահպանումը, ստեղծուած իրավիճակի հանգուցալուծումը տեսնում է բացառապէս իրաւական հենքի վրայ ՀՀ Սահմանադրութեան, «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցու յարաբերութիւնների մասին», ինչպէս նաեւ «խղճի ազատութեան եւ կրօնական կազմակերպութիւնների մասին» ՀՀ օրէնքներում ամրագրուած դրոյթների ու սկզբունքների համատեքստում:

«Ըստ այդմ՝ եկեղեցին եւ հոգեւորականները պէտք է ցուցաբերեն քաղաքական չէզոքութիւն, իսկ պետութիւնն իր հերթին պէտք է խուսափի եկեղեցու ներքին ընթացակարգերին միջամտելուց։

«Հանրային Խորհուրդը վերահաստատում է իր յանձնառութիւնը՝ որպէս հասարակական երկխօսութեան հարթակ, նպաստելու հանրային նշանակութեան խնդիրների կառուցողական քննարկմանը եւ կարգաւորման ճանապարհների որոնմանը:

«Հանրային կեանքին վերաբերող բոլոր էական հարցերը մշտապէս Հանրային Խորհրդի ուշադրութեան կեդրոնում են»,- կ’ըսուի Հանրային Խորհուրդի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment