Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ 70-Ամեակին Առթիւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը Կը Պարգեւատրէ Խումբ Մը Երկարամեայ Իր Նուիրեալ Անդամները

70-Ամեակին Առթիւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը Կը Պարգեւատրէ Խումբ Մը Երկարամեայ Իր Նուիրեալ Անդամները

by MassisPost

Անցնող շաբաթավերջին` 7 Յունիս, 2025, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնը, իր հիմնադրութեան 70-ամեակի ծիրէն ներս  կազմակերպած էր յիշարժան  ճաշկերոյթ մը, որուն ընթացքին պարգեւատրեց խումբ մը նուիրեալ իր անդամները, որոնք տարիներու ընթացքին իրենց գործունէութեամբ սատարած են Միութեան յառաջխաղացքին ու բարգաւաճման:

Երեկոն  տեղի ունեցաւ Փասատինայի ՀԿԲՄ-ի  սրահին  ներս, ուր ներկայ էին  ՍԴՀԿ Կեդրոնական Վարչութեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմինի անդամներ,  տարբեր կառոյցներու պատասխանատուներ եւ համակիրներու ստուար բազմութիւն մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՆՍՄՄ-ի վարչութեան անդամ Մեղրիկ Գաբրիէլեան: Ան իր ելոյթին մէջ յատկապէս ըսաւ. «Այսօր ուրախութեան, հպարտութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներով լեցուած բարի գալուստ կը մաղթեմ ձեր բոլորին Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադրման 70-ամեակի Յոբելենականին նուիրուած այս երեկոյին, որուն հիմնական նպատակն է  նշել  Նոր Սերունդ Մշակութային միութեան փառաշուք  Յոբելենականը եօթանասունամեայ լայնածաւալ իր գործունէութեամբ`  հայապահպանման եւ հայ մշակոյթի տարածման սրբազան առաքելութեան մէջ: Նաեւ, պարգեւատրել եւ մեծարել Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան տարիներու ընթացքին մաս կազմող  բոլոր ազգանուէր ու անձնուէր  վարչականներն ու անդամները, որոնք  փրկարար ուժը  հանդիսացան սփիւռքի մէջ  երկարաշունչ հայ մնալու, հայկական մշակոյթը պահպանելու եւ նոր սերնդականներ պատրաստելու վսեմ   աշխատանքին մէջ»:

«Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան  հիմքը դրուած է 1955 թուականին  Պէյրութի մէջ   խումբ  մը սփիւռքահայ գրողներու եւ մտաւորականներու ջանքերով, տեսլականով եւ վճռակամութեամբ` ի նպաստ մեր հասարակութեան, մեր մշակոյթին, մեր համայնքներու զարգացման, գործելով մշակութային զանազան  բնագաւարներու մէջ,  որոնցմէ է, գրականութիւն, թատրոն, երաժշտութիւն, հայկական պարարուեստ, գինեձօններ, երգահանդէսներ, գրողներու Յոբելենականներ, ոգեկոչումներ, գիրքի շնորհանդէսներ, դասախօսութիւններ եւ այլ մշակութային միջոցառումներ, որոնք անհերքելի դեր ունեցան  սփիւռքի մէջ  ազգային դէմքը, հայկական ինքնութիւնն ու գոյատեւումը պահպանելու գծով,  առաւել`  հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան եւ արդարութեան ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին»:

Պարգեւատրման արարողութիւնը վարեց ՆՍՄՄ-ի վարչութեան անդամ Անի Մարսելեան, որ իր ներածական խօսքին մէջ ըսաւ. «Գնահատել, մեծարել, արժեւորել եւ պարգեւատրել առաքինութիւններ են, որոնք կը կազմեն  ազնուաբարոյ մարդոց  կերպարն ու նկարագիրը, խթան դառնալով  յառաջդիմութեան, նուաճումի, բարգաիաճումի եւ զարթօնքի:

«Այսօր այստեղ ենք, ոչ միայն նշելու մեր միութեան յոբելենականը` այլ առանձնայատուկ  խոնարհումով եւ հպարտութեամբ  պարգեւատրելու եւ մեծարելու այն անհատները որոնք տարիներ շարունակ իրենց ազնիւ ծառայութեամբ եւ հետեւողական աշխատանքով նպաստեցին մեր միութեան հզօրացման եւ բարգաւաճման  նաեւ`  հայրենասիրութեան  եւ հայակերտման ուղեցոյց հանդիսացան բոլոր հին ու նոր  սերնդականներուն որոնք քալեցին անոնց  յարթած ուղին վրայ` դրոշմելով հայ   երիտասարդին  մէջ հայապահպանման եւ գոյատեւման գիտակցութիւնը»:

Ան ողջունեց սրահէն ներ ներկայութիւնը Տիար Գաբրիէլ Մոլոյեանի, որ եղած է Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան հիմնադիրներէն` Պէյրութի մէջ:

Անի Մարսելեան ապա բեմ հրաւիրեց  ՆՍՄՄ-Ի ատենապետ Յարութ Տէրվիշողլեանը եւ փոխ ատենապետ Միսաք հէքիմեանը, որպէսզի կատարեն  պատուոյ գիրերու  յանձնումն ու շքանշանի տուչութիւնը այն արժանի  անհատներուն որոնք Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան պատմութեան մէջ ունեցած են անհերքելի նպաստ, իրենց պատուաբեր գործունէութեամբ  շարունական ծառայութեամբ եւ  նուիրումով:

Այս առթիւ մեծարանքի արժանացան հետեւեալ անձնաւորութիւնները.-

Տիար Յարութ Տէր-Դաւիթեան
Տիար Կիւրեղ Մանկրեան
Տիկին Ծովիկ Քէորողլեան
Տիկին Քաթիա Խոտանեան
Տիար Ստեփան Յովակիմեան
Տիկին Սեդա Խոտանեան
Տիկին Արուսեակ Գրիգորեան
Տիար Յակոբ Գոզեան
Տիկին Լենա Խոտանեան
Տիկին Կարինէ Քոճապապեան
Տիկին Գարոլին Նալպանտեան
Տիկին Արմինէ Լաջինեան
Տիկին Անահիտ Քթըֆեան (յետ մահու)

Պարգեւատրման արարողութեան յաջորդեց 70-ամեակի կարկանդակի հատումը` Գաբրիէլ Մոլոյեանի գլխաւորութեամբ:

Նոր Սերունդի  ատենապետ Յարութիւն Տէրվիշօղլեան իր ելոյթին մէջ շնորհաւորեց պարգեւատրուող անձերը` ընդգծելով անոնց աւանդը Միութեան կենսունակութեան մէջ:

Երեկոն շարունակուեցաւ հայկական եւ միջազգային տոհմիկ երգերով, մասնակցութեամբ` շնորհալի արուեստագէտ, երաժիշտ-երգիչներ Նարեկ Առաքելեանի, Շանթ Դանիէլեանի եւ Սարգիս Օզսաչեանի:

Արդարեւ, գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն էր, որ տեւեց մինչեւ ուշ գիշեր: Ներկաները սրահէն բաժնուեցան յիշարժան երեկոյի մը առթած լաւագոյն տպաւորութիւններով:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment