Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հասնել Վերջնակէտին՝ Ատրպէյճանի Վրայ Բարեկամական Ճնշում Գործադրելով. Պերսէ՝ Համաձայնագրի Ստորագրման Մասին

Հասնել Վերջնակէտին՝ Ատրպէյճանի Վրայ Բարեկամական Ճնշում Գործադրելով. Պերսէ՝ Համաձայնագրի Ստորագրման Մասին

by MassisPost

Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Ալէն Պերսէ Առաջին ալիքի հետ հարցազրոյցին անդրադարձած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ համաձայնեցուած խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման գործընթացին:

Ինչպէ՞ս կրնայ ԵԽ-ն ապահովել այս որոշման իրականացումը՝ հարցումին, Պերսէ պատասխանած է.

«Այս թեման մեզ կը հետաքրքրէ վաղուց: Ես խօսած եմ վարչապետ Փաշինեանի հետ շատ շուտ՝ այն պահէն, երբ համաձայնագրի պայմանները ընդունուած էին Հայաստանի կողմէ: Առիթ ունեցած նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն հետ խօսելու՝ ըսելով, որ մենք կ’ուզենք յառաջ երթալ այս հարցով, դուք ալ հետաքրքրուած էք, որ յստակութիւն եւ կայունութիւն ըլլայ, եւ Հայաստանը բաւականին կարեւոր քայլ ըրած է այս ուղղութեամբ:

«Կը կարծեմ, որ Եւրոպայի Խորհուրդը, երկխօսութեան հարթակ առաջարկելով այս հարցերուն շուրջ, եւս դեր կը կատարէ: Օրինակ՝ վերջերս Թուրքիա կը գտնուէի, ուր սա եւս թեմա է որպէս Հայաստանի հարեւան: Թուրքիոյ մէջ եւս խօսած եմ խաղաղութեան համաձայնագրի արագ ստորագրման անհրաժեշտութեան մասին:

«Վտանգներէն մէկը այն է, որ այս քննարկումը կրնայ շատ կարեւոր ըլլալ Կովկասի մէջ, բայց քիչ մը մոռցուի աշխարհի մէջ: Մեր նպատակն է յիշեցնել ասոր կարեւորութիւնը, շարունակել յառաջ տանիլ քննարկումները եւ ի վերջոյ հասնիլ վերջնական կէտին՝ Ատրպէյճանի վրայ բարեկամական ճնշում գործադրելով, եթէ կրնանք այսպէս ըսել:

«Բաւականին մեծ յառաջընթաց կայ վերջին ամիսներուն: Մեր խնդիրը այսօր այն է, որ շատ դանդաղ յառաջ կ’երթայ գործընթացը, բայց յառաջ կ’երթայ: Ինձ կը կը մտահոգէր, եթէ ամէն ինչ կանգ առնէր ամբողջապէս: Այսինքն՝ պէտք է պահպանենք այս շարժումը, որ ամէն ինչ տանինք դէպի ստորագրում, ինչ որ, յոյսով եմ, պիտի ըլլայ հնարաւորինս արագ»,- ըսած է Եւրոպայի Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment