ԱՆԻ ՄԱՐՍԷԼԵԱՆ
Ընդառաջելով Լամանտա Հանրային գրադարանի տնօրէնութեան առաջադրանքին, կազմակերպութեամբ եւ համագործակցութեամբ` Լոս Անճելոսի շրջանի «Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան, Համազգային Մշակութային Միութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեա», երեք մշակութային միութիւններու, Ուրբաթ, 31 Մայիսի 2025-ի երեկոյեան ժամը 2։30-ին Հայկական մշակոյթի փառաւոր մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ Ալթատինայի Լամանտա Հանրային գրադարանին մէջ, ուր տեղի ունեցաւ յատուկ երեկոյ մը` նուիրուած հայ ժողովուրդի բազմադարեան մշակութային ժառանգութեան:
Միջոցառումին ներկայ գտնուեցան համայնքի ներկայացուցիչներ, արուեստի սիրահարներ, տեղացի եւ օտար բազմաթիւ հիւրեր:
Հանդիսավարուհի Հելէն Վարդանեան իր իւրայատուկ ոճով եւ անմիջական շփման վարպետութեամբ, ողջունեց ներկաները ու յարգարժան հիւրերը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց գրադարանի Տնօրէնութեան այս գաղափարի մտայղացման, շեշտելով մշակութային ինքնութեան պահպանման կարեւորութեան սփիւռքի մէջ:
Գրադարանի տնօրէնուհին` Տիկին Քրիստին Րիտըր բարի գալուստ մաղթելէ ետք, շնորհակալութիւն յայտնեց կազմակերպիչ միութիւններուն եւ յանձնախումբին ու խօսեցաւ գրադարանի անհրաժեշտութեան մասին` իբրեւ ամէն գաղութի եւ շրջանի անփոխարինելի մշակութային կեդրոն:
Հայ ժողովուրդի պատմական ուղին եւ անժխտելի դերը աշխարհի պատմութեան մէջ, ներկայացուց լրագրող Յարութ Տէր Դաւիթեան նշելով հայ ազգի պայքարը, դիմացկունութիւնը ու վերապրելու կարեւորութիւնը դարերու ըթացքին: Իսկ որպէս հպարտութեան աղբիւր` ան անդրադարձաւ կարգ մը հայ գիտնականներու, պատմաբաններու եւ փիլիսոփաներու խօսքերուն որ մինչեւ այսօրս կը հնչեն արդիական կերպով եւ լիովին կը համընկնին ժամանակակից կեանքի պահանջներուն: Քանոնի վրայ հայկական դիւթիչ երաժշտութեամբ Ալիսիա Քէօշկերեանի կատարողութեամբ նրբահունչ լարերը շշնչացին հին երազներ ու նոր յոյսեր:
Կարելի չէր Հայկական տուտուկը չհնչէր հոն, երբ հայ ժողովուրդի աչքերը յուշերու ծովով լեցուն հայեացքն ուղղուած է դէպի Արարատ դէպի հայոց լեռները:
Դաւիթ Սահակեանի կատարողութեամբ թնդաց տուտուկը որպէս հոգիի ձայն որպէս պատմութեան շունչը: Իսկ ջութակի ձայնը կատարողութեամբ ջութակահար Շանթ Դանիէլեանի` յագեցած հայկական մեղեդիներով` հմայեց ունկնդիրները արթնցնելով ազգային յիշողութեան խորքերը, հորդեցնելով ներկաներուն հիացմունքի զգացումները:
Գրականութիւնն ու բանաստեղծութիւնը իր տեղը գրաւեց օրուայ ձեռնարկին, Տիկին Սեւան Տէր Պետրոսեան ներկայացուց ներկաներուն հայ գրականութեան երկու մեծանուն ներկայացուցիչներ` Զահրատը եւ Վահան Թէքէեանը, որոնց բանաստեղծութիւններէ հատուածներ թարգմանուած անգլերէն լեզուի, ասմունքեցին Միհրան Թումաճեանը եւ Ալին Ետկարեանը:
Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ դպրաց դասի երգչախումբի պատմական ուղիին մասին խօսք առաւ տիկին Մարալ Նաշալեան շեշտելով երաժշտական ղեկավար Երուանդ Քէշիշեանի առանցքային դերը երգչախումբի ձեւաւորման եւ յաջողութեան մէջ:
Երգչախումբի անդամները իրենց սրտանց կատարումով ներկայացուցին հայաշունչ երգեր, ազգային ոգիով ու մշակութային բոյրով լեցուած խոր զգացումներ արթնցնելով ունկնդիրներու մօտ:
Ձեռնարկի գագաթնակէտը եւ գեղեցիկ աւարտը դարձաւ Փաթիլ պարային խումբի շքեղ ելոյթը ղեկավարութեամբ Փաթիլ եւ Սինթիա քոյրերուն` որոնց նուիրեալ աշխատանքով Լոս Անճելոսի բեմերէն կը թնդայ հայկական պարարուեստը:
Խումբը բեմ բարձրացաւ հայկական ազգային աւանդական տարազներով եւ հանդէս եկաւ գեղարուեստական բարձր մակարդակով` ներկայացնելով շարք մը ազգային պարեր, կենդանացնելով հայ մշակոյթի ոգին շարժման, երաժշտութեան եւ գոյնի միջոցաւ, առաւել` ցուցադրելով մեր ազգային պարերու հմայքն ու բազմազանութիւնը: Խումբին ըներակցեցաւ տհոլի վրայ Արթիւր Քէշիշեանը: Ներկաները մեծ ոգեւորութեամբ միացան պարախումբի անդամներուն մասնակցելով ուրախ եւ ոգեշնչող պարերուն կիսելով բեմի ջերմութիւնն ու ոգեւորութիւնը:
Այս իւրայատուկ երեկոն դարձաւ մշակոյթի կապերու ամրապնդման, սերունդներու եւ ժողովուրդներու միջեւ կամուրջ ստեղծելու հերթական կարեւոր քայլը , նաեւ հոգեմօտ շփումի եւ ազգային միասնականութեան խորհրդանիշը ուր համագործակցութիւնն ու միասնականութիւնը կ՛առաջնորդեն դէպի նոր բարձրունքներ, նորանոր նուաճումներ եւ անխուսափելի յաղթանակ: