Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստան Կը Միանայ Արհեստական Բանականութեան Համաշխարհային Շարժին. Պիտի Իրականացուի 500 Միլիոն Տոլարի Ներդրում

Հայաստան Կը Միանայ Արհեստական Բանականութեան Համաշխարհային Շարժին. Պիտի Իրականացուի 500 Միլիոն Տոլարի Ներդրում

by MassisPost

Հայաստան կը միանայ արհեստական բանականութեան համաշխարհային շարժին ոչ որպէս դիտորդ, այլ որպէս նոր հնարաւորութիւններ ստեղծող։

Firebird ընկերութիւնը, ՀՀ կառավարութիւնն ու NVIDIA-ն ամիսներ տեւած նախապատրաստական աշխատանքներէ յետոյ կը մեկնարկեն համատեղ նախագիծ, որ արմատապէս պիտի փոխէ մեր տարածաշրջանի արհեստագիտական քարտէզը։

Նախագիծի շրջանակին մէջ պիտի իրականացուի 500 միլիոն տոլարի ներդրում, պիտի տեղակայուին հազարաւոր NVIDIA Blackwell GPU-ներ, պիտի ձեւաւորուի ավելի քան 100 մեկաուաթ հզօրութեամբ ենթակառուցուածք, գործարկումը կը նախատեսուի 2026 թուականին։

AI գործարանը պիտի դառնայ հարթակ նորարարութիւններու, կրթութեան, գիտութեան եւ ձեռներէցութեան համար։ Այն պիտի խթանէ տեղական ու միջազգային սթարթափներու զարգացումը, պիտի ապահովէ գիտութեան ու արհեստագիտութեան կապը եւ Հայաստանը պիտի դարձնէ տարածաշրջանային կեդրոն՝ արհեստական բանականութեան իրական ստեղծման վայր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment